ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԵՐԵՒԱՆ

Հայաստանի եւ նաեւ աշխարհի ամէնէն հին քաղաքներէն, Երեւանի շրջագիծէն ներս ուրարտական ժամանակներէն եղած են բնակավայրեր: Հետագային բարգաւաճ քաղաք, թրքական արշաւանքներէն ետք անշքացաւ եւ պարսկական դարաւոր տիրապետութեան տակ` մասամբ իսլամական դիմագիծ ստացաւ, իսկ ռուսական տիրապետութենէն ետք մասամբ զարգացաւ: Մինչեւ Ի. դարու սկիզբը Երեւան կը պահէր իր աւանդական դիմագիծը:

ԵՐԵՒԱՆ ՀԻՆ ԵՒ ՄԻՋԻՆ ԴԱՐԵՐՈՒՆ

Երեւան 1673-ին, ֆրանսացի ուղեւոր Ժան Շարտէնի գծագրութեան համաձայն

Երեւան, Հայաստանի մայրաքաղաքը, կը գտնուի Արարատեան դաշտին հիւսիս-արեւելեան կողմը, 865-էն 1390 մեթր բարձրութեան վրայ: Ընդարձակ հորիզոնը հիւսիս-արեւմտեան կողմէն կ՛ընդգրկէ Արագածի բարձունքները, արեւելեան կողմէն` Գեղամայ լեռները, իսկ հարաւ-արեւմտեան կողմէն` Արարատը: Հարաւը Արարատեան դաշտն է: Հրազդանի աջ ափը Եղուարդի սարաւանդն է: Այս շրջանին մէջ կը գտնուի Ծիծեռնակաբերդի բլուրը: Հիւսիս-արեւելեան կողմը Կոտայքի սարաւանդն է, որ Գետառի կիրճով բաժնուած է Քանաքեռի եւ Նորքի սարաւանդներու: Հրազդան գետին զուգահեռ Կոնդն է:

 

Երեւան աշխարհի ամէնէն հին քաղաքներէն է: Ներկայ Երեւանի շրջագիծին մէջ գտնուող Շէնգաւիթը, Ծիծեռնակաբերդը, Արին բերդը եւ Կարմիր բլուրը հնագոյն ժամանակներու բնակավայրեր եղած են:

Էրեբունիի կառուցումէն ետք ուրարտացիք ներկայ Երեւանի շրջագիծէն ներս կառուցեցին Թէյշեբայինի բերդաքաղաքը:

Աբրահամ կաթողիկոսի 607-ին Դուինի մէջ հրաւիրուած եկեղեցական ժողովի մասնակիցներու շարքին յիշուած է Դաւիթ Երեւանցի:

Արաբներ 642-643-ին պաշարեցին Երեւանը, բայց չյաջողեցան գրաւել բերդը:

Բագրատունիներու օրով Երեւան, առեւտրական ճամբու վրայ գտնուելով, բարգաւաճեցաւ: Ապիրատ իշխանի նախաձեռնութեամբ 1031-1041-ին Երեւանի մէջ ջրանցք կառուցուեցաւ: Քաղաքին բնակչութիւնը աստիճանաբար բազմացաւ. կային արհեստաւորներ, առեւտրականներ եւ շինականներ: Աւետեաններու տոհմէն Սահմադին 1264-ին գնեց Երեւանը: Նորքի մէջ գտնուող Մխիթար վարդապետի դպրոցը ԺԳ. դարուն կարեւոր դեր ունեցաւ գրչութեան արուեստի զարգացման մէջ: Այնուհետեւ նշանաւոր դարձան Կաթողիկէ եւ Սուրբ Սարգիս գրչութեան կեդրոնները:

Թաթար-մոնկոլական եւ թուրքմէնական ցեղախումբեր տիրապետութիւն հաստատելով աստիճանաբար թրքական եւ իսլամական դիմագիծ տուին քաղաքին: Հայութեան մէկ մասը կոտորուեցաւ եւ հին քաղաքը հողին հաւասարեցուեցաւ:

ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ ՏԻՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԸ

Երեւան 1502-ին պարսկական տիրապետութեան ենթարկուեցաւ: Երեւանի խանութիւնը կ՛ընդգրկէր Արարատեան դաշտը, Ապարանը, Շիրակը, Կոտայքը, Կարսը, Բագրեւանդը, ինչպէս նաեւ Սեւանայ լիճի շրջանը: Իր կարգին խանութիւնը ութ մահալներու բաժնուած էր:

Երեւան 1590-ին անցաւ օսմանեան տիրապետութեան տակ, բայց շահ Աբաս 1604-ին վերագրաւեց զայն, որմէ ետք հարիւր հազարաւոր հայերու շարքին, հազարաւոր երեւանցիներ եւս բռնագաղթուեցան Պարսկաստան:

Մովսէս Գ. Տաթեւացի կաթողիկոսին ջանքերով Երեւանի մէջ 1620-ին հիմնուեցաւ Անանիա Առաքեալի անապատի դպրոցը: Ուսուցիչներն էին Մովսէս Տաթեւացի, Մելքիսէդ Երեւանցի եւ այլք: Կ՛ուսուցանէին աստուածաբանութիւն, փիլիսոփայութիւն, գրչութեան արուեստ եւ քերականութիւն: Դպրոցը գործեց շուրջ երկու տասնամեակ եւ եկեղեցական ու մշակութային անուանի գործիչներ տուաւ:

Երեւան 1796-ին. բարձունքին` բերդը

Հայկական եւ թաթարական ու իսլամական դիմագիծով, Երեւան անշուք բնակավայրի վերածուած էր: Նեղ, դարձդարձիկ եւ խուլ պատերով մեկուսացած փողոցներ, անոնց երկարութեամբ` ոռոգման առուներ, կաւաշէն կամ քարաշէն եւ կաւածեփ միայարկ բնակարաններ` բաց պատշգամով, եւ ջրաւազանով ու բակով եւ պարտէզով շրջապատուած: Մեծ հրապարակը` Ղանթար, գլխաւոր շուկան էր, ուր տեղի կ՛ունենային նաեւ ըմբշամարտեր եւ ձիարշաւներ: Սուրբ Անանիա կամ Զօրաւոր եկեղեցիին կառուցումը սկսաւ 1691-ին, Խոճա Փանոսի նուիրատուութեամբ եւ աւարտեցաւ 1705-ին: Շահարի Կաթողիկէ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, որ կործանած էր 1679-ին, վերաշինուեցաւ 1693-ին: Կոնդի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին վերակառուցուեցաւ 1710-ին, Մելիք Աղամալեաններուն միջոցներով: Կիոյ մզկիթը կառուցուեցաւ 1760-1768 տարիներուն: Ամէնէն աւելի բանուկ էին Կիւրճի, Ջուղայի, Զառաբի, Թաղիր, Սուլու, Սուսըզ եւ Հաճի Ալիի խաները, ուր իրենց ձիերով եւ ուղտերով կ՛իջեւանէին ուղեւորներն ու վաճառականները: Կային նաեւ պարսկական ոճով, աղիւսաշէն եւ գմբէթաւոր ութ բաղնիքներ:

 

ՌՈՒՍ-ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐԸ

Ռուս-պարսկական 1804-1813-ի պատերազմին սկիզբը, 1804 յունիսին ռուսական զօրքերը զօրավար Ցիցիանովի հրամանատարութեամբ շարժեցան Երեւանի ուղղութեամբ: Իրանի գահաժառանգ Աբաս Միրզայի բանակը Էջմիածնի մօտ յարձակեցաւ ռուսական զօրքերուն վրայ, բայց պարտուած` նահանջեց դէպի Երեւան: Ռուսական բանակը յուլիսին պաշարեց Երեւանի բերդը, բայց յամառ դիմադրութեան հանդիպելով եւ սաստիկ տաքին ու զինամթերքի պակասին պատճառով սեպտեմբեր 4-ին քակեց պաշարումը:

Պարսկաստանի դէմ պատերազմին հետ միաժամանակ Ռուսիա 1806-ին պատերազմի մէջ մտաւ նաեւ Օսմանեան կայսրութեան դէմ:

Ռուսական զօրքերը 1808 սեպտեմբերին զօրավար Կուտովիչի հրամանատարութեամբ արշաւեցին Երեւանի վրայ եւ հոկտեմբերին պաշարեցին բերդը, եւ իրերայաջորդ ապարդիւն յարձակումներէ ետք նոյեմբեր 30-ին քակեցին պաշարումը:

Ռուս-պարսկական 1826-1828-ի պատերազմին ժամանակ հայեր, Թիֆլիսի մէջ, առաջնորդ (հետագային` կաթողիկոս) Ներսէս Աշտարակեցիի եւ Յարութիւն Ալամդարեանի նախաձեռնութեամբ հայկական կամաւորական գումարտակներ  կազմակերպեցին ռուսական բանակին օգնելու նպատակով: Զօրավար Պասկեւիչի ընդհանուր հրամանատարութեամբ եւ զօրավար Պենկենտորֆի գլխաւորութեամբ, ռուսական բանակը եւ հայ կամաւորները 1827 ապրիլին Ապարանի վրայով մտան Երեւանի խանութեան սահմանները եւ հասան Էջմիածին: Զօրավար Կրասովսքիի ռուսական զօրքերը յունիսին պաշարեցին Երեւանի բերդը, բայց տաքին եւ հիւանդութիւններու պատճառով յուլիսին քակեցին պաշարումը:

Ռուսական բանակը սեպտեմբեր 25-ին կրկին պաշարեց Երեւանը: Ներսէս Աշտարակեցիի կոչով հայեր ամէն կերպով կ՛օգնէին ռուսական զօրքերուն: Սեպտեմբեր 30-էն հոկտեմբեր 1 լուսցող գիշերը ռուսական բանակը անընդհատ ռմբակոծեց բերդը: Հոկտեմբեր 1-ի առաւօտուն ռուսական զօրքերը եւ հայ կամաւորները մտան բերդ: Պարսկական երեք հազար հոգինոց կայազօրը անձնատուր եղաւ: 1828 փետրուար 10-ին կնքուեցաւ Թուրքմենչայի դաշնագիրը, որուն հիմամբ Երեւանի եւ Նախիջեւանի խանութիւնները եւ Օրտուպատի գաւառը միացուեցան ռուսական կայսրութեան:

ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԷՆ ՆԵՐՍ

Ռուսական կայսրութեան կազմէն ներս Երեւան դարձաւ Հայկական մարզի, 1840-ին` Երեւանի գաւառին, իսկ 1849-էն ետք` Երեւանի նահանգին կեդրոնը:

Ռուսական տիրապետութեան տակ, Երեւան, իր անշուք թաղամասերով կը պահէր իր հայկական եւ թաթարական դիմագիծը: 1863-ին բացուեցաւ կեդրոնական Աստաֆեան փողոցը, որմէ ետք  բացուեցան անոր զուգահեռ եւ ուղղահայեաց փողոցներ: Կառուցուեցան նաեւ տուֆակերտ երկյարկ կամ եռայարկ բնակարաններ, ինչպէս նաեւ Սուրբ Սարգիս, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Սուրբ Նիկոլայ եկեղեցիները: Դպրոցներ բացուեցան եւ հայերէն ու ռուսերէն թերթեր սկսան հրատարակուիլ: Արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններէն յիշենք գարեջուրի, օղիի, հանքային ջուրերու, օշարակի, գինիի եւ քոնիաքի գործարանները:

ԵՐԵՒԱՆԻ ԹԱՂԵՐԸ ԵՒ ԱՅԳԻՆԵՐԸ

Երեւան Ի. դարուն սկիզբը

Հին ժամանակներէն ի վեր Երեւան բաժնուած էր երեք թաղերու. Հին թաղ, Կոնդ եւ Քարահանք: Հին թաղը, որ բուն քաղաքը եղած է, ամէնէն ընդարձակն էր եւ կ՛ընդգրկէր քաղաքին հիւսիս-արեւելեան մասը. պարսկական տիրապետութեան ժամանակ կոչուեցաւ Շահար, որ կը նշանակէ քաղաք: Կոնդը, քաղաքին արեւմտեան բարձրադիր մասը, պարսկական իշխանութեան ժամանակ կոչուեցաւ Թափապաշ, որ Կոնդ բառի թարգմանութիւնն է: Քարահանքը կ՛ընդգրկէր քաղաքին հարաւ-արեւելեան մասը, եւ իր աղբիւրի ջուրի յատկութեան պատճառով կոչուած է Տեմիրպուլաղ, այսինքն` երկաթ-աղբիւր:

 

Հետագային, Հրազդանի ձորին եւ լանջերուն կազմաւորուեցաւ Ձորագեղը, որ իր կարգին առանձին թաղերու բաժնուած էր. Վերին կամ Քարափի թաղ, Ստորին կամ Ձորի թաղ եւ Կարբւոյ թաղ: Արագածոտնի Կարբի գիւղի աւերումէն եւ անշքացումէն ետք անոր բնակիչներուն մէկ մասը Երեւան փոխադրուելով կազմաւորած էր Կարբի թաղը:

Նոր թաղը կազմաւորուեցաւ 1828-ին, Պարսկաստանէն հեռացած գաղթականներու կողմէ: Այդ շրջանը առաջ պարսիկ խաներուն պատկանող ընդարձակ այգի մըն էր եւ կը կոչուէր Խանլըղ բաղ, այսինքն` խանական այգի:

Նորք, որ առաջ առանձին գիւղ էր, 1837-ին միացուեցաւ Երեւանի եւ վերակոչուեցաւ Չոմլաքչի (կաւագործներու թաղ): Սպահանցոց մահլա թաղը կազմաւորեցին շահ Աբասի ժամանակ Սպահան տարուած եւ հետագային վերադարձած գաղթականները: Շիլաչի թաղին մէջ կեդրոնացան շիլաչի (ներկարար) արհեստաւորները: Կազմաւորուեցան նաեւ Շէն թաղը եւ Ղարադաղը:

Ամբողջ քաղաքը այգիներով շրջապատուած էր: Շահարի այգիներէն Աբասաձորը կը գտնուէր Գետառի ձորի մէջ, իսկ Քաշաղլին` Քանաքեռի ճամբուն վրայ, աջ կողմը: Կոնդի այգիներէն Ապուհայաթ կը գտնուէր Քանաքեռի ճամբուն վրայ, ձախ կողմը, Կարմիր բերդ` Հրազդանի ձորին մէջ, Քանաքեռէն վար, Այգեձոր` Հրազդանի ձորին մէջ, Կարմիր բերդէն ցած, եւ Ձորագեղ, որ կը գտնուէր Հրազդանի ձորին մէջ, կամուրջին եւ Այգեձորի միջեւ: Քարահանքի այգիները տարածուած էին թաղին հարաւային կողմը գտնուող քարոտ բլուրին վրայ: Հրազդանի աջ ափին, Դալմայի այգիները կը գտնուէին Այգեձորի դիմացը, իսկ Նորագեղի այգիները` բերդին դիմացը, Էջմիածնի ճամբուն վրայ, ձախ կողմը:

ԲԵՐԴԸ

Երեւանի բերդին գրաւումը ռուսական բանակին կողմէ

Երեւանի բերդը կառուցուած էր 1582-1583-ին, Ֆարհատ փաշայի նախաձեռնութեամբ, Հրազդանի ձախ ափին, ձորի եզրին, հարթավայրի մը վրայ: Ունէր եօթ հեկտար տարածութիւն եւ 4,5 քիլոմեթր երկարութեամբ եւ 10,5-12 մեթր բարձրութեամբ հողաշէն պարիսպներով շրջապատուած էր: Պարիսպներուն միջեւ կը գտնուէր արտաքին բերդը, իր Թաւրիզեան եւ Շիրվանեան դարպասներով: Բերդէն դէպի Հրազդանի ձորը իջնող գաղտնի ճանապարհ մը կար, իսկ պարիսպներուն առջեւ ջուրով լեցուն հողաթումբեր եւ խանտակներ կային: Մօտակայ Իծաբերդ բլուրը ամրացուած էր եւ բերդը կը կապէր Հրազդանի կամուրջին: Բերդին մէջ կը գտնուէր խանին կամ սարտարին պալատը, հարէմը, ինչպէս նաեւ երկու մզկիթ եւ բաղնիքը: Արտաքին բերդին մէջ կային բնակարաններ, խանութներ եւ արհեստանոցներ:

 

Ռուսական գրաւումէն ետք, մինչեւ 1864 բերդը մնաց կառավարչութեան նստավայրը եւ այնուհետեւ քանդուեցաւ:

ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐԸ

Երեւանի իսլամ բնակչութիւնը երկու առանձին հասարակութիւններու բաժնուած էր: Բուն քաղաքաբնակ դասակարգը եւ Կարմիր բերդի հասարակութիւնը: Կարմիր բերդի իսլամները ձմեռը կը բնակէին քաղաքին մէջ եւ գարնան կը փոխադրուէին Կարմիր բերդ արուարձանը, ուր իրենց այգիները եւ պարտէզները ունէին, եւ ուր կը մնային մինչեւ աշնան ցուրտերը սկսէին:

Բոշաները կը բնակէին Կոնդ թաղամասին մէջ, հարիւր տուն կը հաշուէին եւ նստակեաց դարձած էին:

Հայերը կը զբաղէին այգեգործութեամբ, բանջարաբուծութեամբ, անասնապահութեամբ եւ արհեստներով: Կային ներկարարներ, բրուտներ, ատաղձագործներ, կլայեկագործներ, պարանագործներ, որմնադիրներ եւ դարբիններ, ինչպէս նաեւ վաճառականներ:

ՄԵԼԻՔ ԱՂԱՄԱԼԵԱՆՆԵՐՈՒ ՏՈՀՄԸ

Երեւան 1923-ին

Մելիք Աղամալեանները բնիկ Կոնդ թաղի բնիկներ եւ Երեւանի հայ համայնքին գլխաւոր ղեկավարները եղած են: Տոհմին նախապետը մելիք Ծատուրն է, որուն զաւակն է մելիք Աղամալ, որուն անունով ալ կոչուած է տոհմը: Աղամալ թրքերէն աղա եւ մալ բառերէն կազմուած է եւ աղայի ապրանք կը նշանակէ:

 

Մելիք Աղամալի զաւակները` մելիք Սահակ եւ մելիք Աղաւել յիշուած են պարսիկ Մեհրալի խանի եւ օսմանցիներուն միջեւ Երեւանի մէջ 1724-ին տեղի ունեցած ճակատամարտի նկարագրութեան մէջ. երբ պարսիկ խանը փախուստ տալով բերդին մէջ ապաստան գտած է, իր հետ տարած է հայոց մեծամեծները, որոնց շարքին էին մելիք Սահակ եւ մելիք Աղաւել:

Մելիք Սահակի զաւակը` մելիք Աբրահամ գործօն մասնակցութիւն բերաւ հայ ազատագրական շարժման եւ ռուսական կառավարութեան դիմելով օգնութիւն խնդրեց պարսկական լուծէն ազատագրուելու համար: Ռուսական բանակի 1804-ի արշաւանքին ժամանակ, զօրավար Ցիցիանովի եւ վիրահայոց առաջնորդ Յովհաննէս Գեղարդակիրի թելադրութեամբ, իրեն ենթակայ ժողովուրդը հաւաքելով անցաւ ռուսական գօտի: Գաղթականները Փամբակի գիւղացիներուն մօտ ասպնջականութիւն գտան: Ռուսական կառավարութիւնը ազնուականի կոչում շնորհեց մելիք Աբրահամի: Ան մահացաւ 1811-ին:

Մելիք Սահակ, մելիք Աբրահամի զաւակը, Փամբակէն Երեւան վերադառնալէն ետք ստանձնեց տոհմին նահապետութիւնը, սարտար Հիւսէյն Ղուլի խանին մօտիկ գործակիցը եղաւ եւ Երեւանի խանութեան հայկական հետեւակազօրքին հրամանատարը եղաւ: Ռուս-պարսկական 1826-1828-ի պատերազմին ռուսերուն կողմը անցաւ եւ մեծ ծառայութիւններ մատուցեց ռուսական բանակին: Ռուսական իշխանութեան հաստատումէն ետք հայ համայնքի ներկայացուցիչը եղաւ: Մահացաւ 1834-ին:

Մելիք Աղամալեաններուն շքեղ ապարանքը կը գտնուէր Կոնդի մէջ: Սուրբ Յովհաննէս իրենց տոհմական եկեղեցին էր, որ երկրաշարժէն ետք 1710-ին վերաշինուեցաւ իրենց ծախսով եւ աշխատանքով:

Մելիք Աղամալեաններուն կը պատկանէին Երեւանի շրջակայ քանի մը գիւղեր` Ելառ, Արզաքեանդ, Դալլար, Կիւմէշ, Ձագ եւ Աղուերան:

Իսահակ Մելիք Աղամալեան` 1898-էն 1904, եւ Յովհաննէս Մելիք Աղամալեան` 1904-էն 1910 եւ կրկին անգամ 1912-էն 1914 Երեւանի քաղաքապետ եղած են:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES