Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովին Մէջ Հայկական Պատուիրակութեան Անդամները Վտարուա՞ծ Են Նստաշրջանէն

4739201412601023Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը գրած է, թէ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ հայկական պատուիրակութեան անդամները վտարուած են կառոյցի նստաշրջանէն:   Ըստ ազրպէյճանական աղբիւրին, հայ պատուիրակները դէմ եղած են «Լարուածութեան սրումը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի այլ բռնագրաւուած տարածքներու մէջ» վերնագիրով զեկուցումին: Անոնք աղմուկ բարձրացուցած են, եւ այդ պատճառով անոնց խօսափողը անջատուած է, եւ պատուիրակները դուրս հրաւիրած են դահլիճէն:

«Երկիր»-ը փորձած է տեղի ունեցածին վերաբերեալ տեղեկութիւններ ստանալ հայկական պատուիրակութեան անդամներէն, սակայն անոնք մերժած են մեկնաբանել: Ազգային ժողովի Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր, պատուիրակութեան անդամ Արփինէ Յովհաննիսեան նշեց, որ ճիշդ չ՛ըլլար իր կողմէ մեկնաբանել որեւէ բան: «Պատուիրակութեան ղեկավար Հերմինէ Նաղտալեան այժմ Վրաստանի մէջ է, ան կու գայ եւ կը մեկնաբանէ», ըսաւ Արփինէ Յովհաննիսեան:

 

Share this Article
CATEGORIES