Հանդիպում Բակօ Սահակեանին Հետ

061014HJDHaravayinTev-InfoԱրցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 6 հոկտեմբերին այցելած  է հանրապետութեան հարաւային թեւ եւ հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ ղեկավար կազմի խումբ մը անդամներու հետ` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի գլխաւորութեամբ:

Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը  յայտնեն, որ նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է Հայաստանի եւ սփիւռքի մասնակցութիւնը Արցախի տարբեր ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ` նշելով, որ նման մօտեցումը կը հանդիսանայ հանրապետութեան ընկերային-տնտեսական զարգացման կարեւորագոյն գրաւականներէն մէկը:

Նախագահին կ՛ուղեկցէին փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան եւ պաշտօնատար այլ անձինք:

 

Share this Article
CATEGORIES