Նախագահ Սարգսեան Կը Դժգոհի Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Վերաբերեալ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան Որոշ Անդամներու Դիրքորոշումէն

1006_Sargsian_bordyuzhaՆախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան, յայտնեց նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:

Նախագահ Սարգսեան ողջունեց Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի այցելութիւնը, որ կը կրէր նպատակային բնոյթ եւ կապուած էր վերջին շրջանին կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու սահմաններուն նկատուած լարուածութեան շիկացման, ներառեալ օգոստոսին հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ իրավիճակի կտրուկ սրման հետ:

«Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ, ցաւօք, ազրպէյճանական կողմի սադրիչ գործողութիւնները ամէն ձեւով սպառնալիքի տակ կը դնեն Կազմակերպութեան պատասխանատուութեան գօտիին մէջ ձեւաւորուած անվտանգութեան փխրուն համակարգը: Մշտապէս խախտելով զինադադարի դրութիւնը, Ազրպէյճան կը վնասէ խաղաղ ճանապարհով տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերը», ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:

Նախագահը ընդգծեց, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան գծով շարք մը գործընկերներու դիրքորոշումը, որոնք կը դրսեւորուին տարբեր միջազգային հարթակներու վրայ դաշնակիցներու համար արմատական հետաքրքրութիւն ունեցող հարցերու մէջ եւ մասնաւորապէս` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին նկատմամբ, չի համապատասխաներ բանակցային հոլովոյթի ընդհանուր ոգիին, կը հակասէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու յայտարարութիւններուն եւ առաջարկներուն, ինչպէս նաեւ Կազմակերպութեան ծիրին մէջ ընդունուած փաստաթուղթերուն:

Իլհամ Ալիեւի ռազմատենչ եւ հայատեաց յայտարարութիւնները համապատասխան արձագանգի չեն արժանանար Կազմակերպութեան անդամ գործընկերներուն կողմէ, ինչ որ, Սերժ Սարգսեանի համոզումով, կրնար զսպել ազրպէյճանական ղեկավարութեան արկածախնդիր նկրտումները:

Ըստ նախագահին, իբրեւ արդիւնք, Ազրպէյճան կը շարունակէ լարուածութիւն հրահրել եւ կը ձեռնարկէ սադրիչ գործողութիւններու` կոպտօրէն խախտելով տագնապի խաղաղ լուծման իր յանձնառութիւնը եւ միջազգային մարդկային իրաւունքի կանոնները: Անոր վառ վկայութիւնը ազրպէյճանական կողմէն գերեվարուած Կարէն Պետրոսեանի սպանութիւնն էր:

Պորտիւժա նշեց, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան խորհուրդի յառաջիկայ նիստի նախապատրաստման ծիրին մէջ ինք այսօր կը զբաղի անվտանգութեան տեսանկիւնէն Կազմակերպութեան անդամ պետութիւններուն առջեւ դրուած աւելի սուր խնդիրներու ուսումնասիրումով: Յիշատակելով օգոստոսեան իրադարձութիւններուն վերաբերեալ Կազմակերպութեան խորհուրդի նախագահին` Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած հանդիպումները, Պորտիւժա յայտնած է, որ անոնց յառաջիկայ նիստին անհրաժեշտ է զեկուցել եւ քննարկել բոլոր այն խնդիրները, որոնք կրնան լրջօրէն ազդել կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու անվտանգութեան վրայ:

Նալբանդեան Ընդունեց Նիքոլայ Պորտիւժան

1006_Nalbandian_-bordyuzhaՀայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երկուշաբթի ընդունեց Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան:

«Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի սեպտեմբեր 2013-ին տեղի ունեցած նստաշրջանի որոշումներու իրականացման ընթացքը եւ կազմակերպութեան անդամ պետութիւններուն միջեւ արտաքին քաղաքական համադրման առնչուող հարցեր: Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին Կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու պետական սահմաններու անվտանգութեան ապահովման նպատակով համագործակցութեան մեքանիզմներու ամրապնդումը», յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութիւնը:

Հանդիպման նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ յառաջիկային նախատեսուած Կազմակերպութեան կանոնադրական մարմիններու նիստերու նախապատրաստական աշխատանքներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES