ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Հարցերով Գերագոյն Յանձնակատարը Դատապարտած Է Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Աւերումը

Ռուփըրթ Քոլվիլ
ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց հարցերով գերագոյն յանձնակատարի բանբեր Ռուփըրթ Քոլվիլ յայտարարած է, որ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց հարցերով գերագոյն յանձնակատարը դատապարտած է ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ականահարումը:
«Մեզ տեղեակ պահած են, որ ՏԱՀԵՇ սեպտեմբերի կէսերուն հայկական կարեւոր եկեղեցի մը ոչնչացուցած է Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքին մէջ: Մենք կը դատապարտենք եկեղեցւոյ եւ այլ կրօնական հաստատութիւններու ոչնչացումը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ կը նշուի, որ ատիկա բնորոշ է խմբաւորման գործունէութեան, որուն զինեալները հիւսիսային Իրաքի մէջ մզկիթներ, սրբավայրեր եւ եկեղեցիներ կը պայթեցնեն:
Ինչպէս կը նշուի յայտարարութեան մէջ, Սուրիոյ մէջ ինչպէս կառավարական ուժերուն, այնպէս ալ հակակառավարական զինեալ խումբերուն վարքը կը շարունակէ կրօնական եւ հնագիտական վայրերու ոչնչացման յանգեցնել: Կը նշուի, որ այս տարի աւելցած են հակակառավարական զինեալ խումբերու յարձակումները կրօնական հաստատութիւններու դէմ, ներառեալ` Սուրիոյ մէջ գտնուող եկեղեցիներու դէմ:
«Կրօնական հաստատութիւնները յատուկ պաշտպանութեան տակ առնուած են միջազգային մարդասիրական օրէնքով եւ պէտք է յարգուին ու պաշտպանուին բոլորին կողմէ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
1991-ին կառուցուած այս եկեղեցի-յուշահամալիրին մէջ ամփոփուած են Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին Տէր Զօրի անապատներուն մէջ զոհուած բազմաթիւ հայերու մասունքները, իսկ ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ` Հայոց ցեղասպանութիւնը հաւաստող բազմաթիւ վաւերագիրներ:

