Հայ Խաղաղապահները Լիբանան Կը Հասնին Քանի Մը Շաբաթէն

big_57fd8ad9b2d0a494b95283838cf07f15Հայ խաղաղապահները Լիբանան պիտի հասնին քանի մը շաբաթէն: Հայաստանցի զինուորները գործուղման պիտի մեկնին Հայաստանի զինեալ ուժերու տրամադրած զէնք-զինամթերքով եւ անհրաժեշտ այլ իրերով: ՄԱԿ-ը զինուորներուն աշխատավարձ պիտի չվճարէ, սակայն պիտի ապահովէ ամսական 1000 ամերիկեան տոլար դրամական բաւարարմամբ: Հայաստանի ստորաբաժանումը Լիբանանի մէջ ծառայութիւն պիտի կատարէ 6 ամիս ժամկէտով, որուն ընթացքին անձնակազմը պիտի փոխարինուի յաջորդականութեան կարգով:

Աւելցնենք, որ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերը այդ երկրին մէջ կը գործեն 1978-էն ի վեր: Հայաստանի առաքելութեան մասնակցութեան նպատակն է աւելցնել Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու խաղաղապահ ստորաբաժանումներուն փորձառութիւնը: Ներկայիս Հայաստանի խաղաղապահ ստորաբաժանումները նմանատիպ առաքելութիւններու ծիրին մէջ ծառայութիւն կը կատարեն նաեւ Աֆղանիստանի եւ Քոսովոյի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES