Սարգիսով` Վոլկայի Սեպտեմբեր Ամսուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

1006_sarkisovՀայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ ռուսական Վոլկայի յառաջապահ Արթուր Սարգիսով ակումբին համակիրներուն կողմէ ընտրուեցաւ սեպտեմբեր ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը` ստանալով 457 ձայն:

Անոր ետին յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւեցին Իլիա Քուխարչուք (117 ձայն) եւ Արթուր Նիկմաթուլին (88 ձայն):

Ակումբին գլխաւոր մարզիչէն` Անտրէյ Թալալայեւէն մրցանակը ստանալէ ետք Սարգիսով ըսաւ, որ թէեւ ինք շնորհակալ է խումբին համակիրներէն, որ զինք ընտրեցին իբրեւ լաւագոյն մարզիկ, սակայն իրեն համար խմբային արդիւնքն է կարեւորը, որ ակումբին յաջողութեան գլխաւոր բանալին է:

 

Share this Article
CATEGORIES