Պասքեթպոլ. Միացեալ Նահանգներու Աղջկանց Խումբը` Աշխարհի Ախոյեան

201410060358143004769-p5Նախորդ շաբաթավերջին Միացեալ Նահանգներու պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբը հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան, երբ աւարտականին 77-64 արդիւնքով յաղթեց այս մրցաշարքը հիւրընկալող երկրին` Սպանիոյ:

Ինչպէս ծանօթ է, Միացեալ Նահանգներու տղոց խումբը եւս հանդիսացած էր աշխարհի ախոյեան:

Նշենք, որ isport.ua կայքը, որ անդրադարձաւ աւարտական այս մրցումին, յայտնեց, որ սպանացիք գոհ էին նաեւ արծաթէ մետալով, որովհետեւ մրցումէն ետք անոնք մեծ ուրախութեամբ լուսանկարիչներուն կը ցուցադրէին իրենց մետալները:

Ինչ կը վերաբերի մրցաշարքին լաւագոյն մարզիկին, ապա այս տիտղոսին տիրացաւ ամերիկացի Մայա Մուր, որ մաս կը կազմէ Մինեսոթա Լինքս ակումբին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES