Հայկական Ֆութպոլ. Սուրէն Չախալեան Դադրեցաւ Ուլիսի Մարզիչը Ըլլալէ
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերէն Ուլիս Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Սուրէն Չախալեան դադրեցաւ ակումբին գլխաւոր մարզիչը ըլլալէ:
Անոնց միջեւ պայմանագրութիւնը խզուեցաւ` երկկողմանի համաձայնութեամբ:
Գագիկ Սիմոնեան նշանակուեցաւ ժամանակաւոր մարզիչ:
CATEGORIES Մարզական

