76 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`. Սելթիք Իր Դաշտին Վրայ Պարտուեցաւ Հեմիլթընէն
Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին նոր Ա. դասակարգ բարձրացած Հեմիլթըն, շարունակելով իր յաղթական ելոյթներու շարքը, այս անգամ 1-0 արդիւնքով յաղթեց ախոյեան Սելթիքի` վերջինիս դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին: Միակ կոլը նշանակեց միջնապահ Էլի Քրոֆորտ (49-րդ):
Հեմիլթընի համար այս յաղթանակը նկատուեցաւ գրեթէ պատմական իրագործում մը, որովհետեւ անիկա Սելթիքի դաշտին վրայ իր վերջին յաղթանակը արձանագրած էր… 76 տարի առաջ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Հեմիլթըն 20 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը, մինչ Սելթիք, որ ունի 14 կէտ, կը գտնուի 6-րդ դիրքին վրայ:
CATEGORIES Մարզական

