Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Ուլիս 9 Կէտի Առաւելութեամբ` Պարագլուխի Դիրքին Վրայ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումները:
Ուլիս, որ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Բանանցի, այժմ 9 կէտի առաւելութեամբ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը: Ատկէ բացի, անիկա կը հանդիսանայ միակ խումբը, որ ցարդ պարտութիւն չէ կրած:
Անոր անմիջական մրցակիցը` Փիւնիկ, որ մրցում մը նուազ կատարած է, իր կարգին իր դաշտէն դուրս յաղթանակ արձանագրեց` պարտութեան մատնելով Գանձասարը (4-3):
Ալաշկերտ 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Միքայի, մինչ Շիրակ` Արարատի (3-2):
Նշենք, որ Միքա կը շարունակէ մնալ միակ խումբը, որ ցարդ յաղթանակ չէ արձանագրած:
CATEGORIES Մարզական

