«Մոթորպայք». «Ֆորմիւլա-1»-ի Նախկին Վարորդ Տէ Չեսարիս Մահացաւ
Իր լուրը քաղելով իտալական մամուլէն` «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ «Ֆորմիւլա-1»-ի նախկին վարորդ Անտրէա Տէ Չեսարիս մահացաւ` «Մոթորպայք»-ի արկած մը ունենալով Հռոմի մէկ վազքուղիին վրայ:
55 տարեկան վարորդը, որ տասը տարբեր խումբերու հետ 208 մրցումի մասնակցած է, 1980-1994 տարիներուն մաս կազմած է նաեւ «Մաքլարըն»-ի:
Իտալացի Տէ Չեսարիս թէեւ այդքան ալ յաղթանակներու եւ տիտղոսներու չէր տիրացած, բայց հինգ անգամ բարձրացած է «Ֆորմիւլա-1»-ի փոտիում:
Նշենք, որ 1991-ին ան «Ճորտըն» խումբին հետ անոր ապահոված է ախոյեանութեան առաջին կէտերը:
CATEGORIES Մարզական

