Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները. Եուվենթուս Յաղթեց Ա. Էս. Ռոմային (3-2), Իսկ Չելսի` Արսենալին (2-0). Ռոնալտօ` Հեթրիքի Հեղինակ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ արձանագրուեցան բաւական հետաքրքրական արդիւնքներ:
Սկսելով Իտալիայէն նշենք, որ շաբթուան գագաթի ճակատումը, որ իրարու դէմ հանեց ախոյեան Եուվենթուսը եւ Ա. Էս. Ռոման, աւարտեցաւ հինգ կոլով, 3 փենալթիով եւ 2 կարմիր քարտով:
Եուվենթուս, որ 3-2 արդիւնքով յաղթեց, իր կոլերը նշանակեց շնորհիւ Քարլոս Թեւեզի (27-րդ` փենալթիով եւ 45+3-րդ` փենալթիով) եւ Լէոնարտօ Պոնուչչիի (86-րդ), իսկ Ա. Էս. Ռոմայի կոլերը նշանակեցին Ֆրանչեսքօ Թոթթի (32-րդ` փենալթիով) եւ Խուան Իթուրպէ (44-րդ):
Եուվէէն կարմիր քարտ ստացաւ Ալվարօ Մորաթա (88-րդ), իսկ Ա. Էս. Ռոմայէն` Քոնսթանթինոս Մանոլաս (88-րդ):
Անգլիոյ մէջ, Լոնտոն քաղաքի տերպիի մրցումին, Չելսի 2-0 արդիւնքով յաղթեց Արսենալի` շնորհիւ Էտեն Հազըրտի եւ Տիեկօ Քոսթայի նշանակած կոլերուն:
Կը մնայ հարց տալ, թէ մրցումէն ետք Արսենալի զայրացած մարզիչ Արսէն Վենկեր, որ հրեց Ժոզէ Մուրինիոյին, որեւէ պատիժ պիտի ստանա՞յ Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնէն:
Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Էվըրթընի, վերադարձաւ առաջին չորսին, որմէ հեռու մնացած էր աւելի քան տարիէ մը ի վեր:
Սպանիոյ մէջ Պարսելոնա, որ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Ռայօ Վայեքանոյի, հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ նոր տարեշրջանին գծով իր կատարած 7-րդ մրցումին կոլ չի ստանար իր բերդին մէջ: Լիոնել Մեսսի եւ Նէյմար նշանակեցին Պարսայի կոլերը:
Փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ իրագործեց այս տարեշրջանի իր երրորդ հեթրիքը, երբ անոր կազմը` Ռէալ Մատրիտ, 5-0 արդիւնքով ջախջախեց Աթլեթիքօ Պիլպաոն: Մնացեալ երկու կոլերը նշանակեց Քարիմ Պենզեմա:
Այլ մրցումի մը ընթացքին, ախոյեան Աթլեթիքօ Մատրիտ 3-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Վալենսիայէն:
Ռոպերթ Լեվանտովսքիի եւ Արժեն Ռոպենի նշանակած երկուքական կոլերուն շնորհիւ, Պայէրն Միւնիխ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Հանովըր-96-ը:
Շարունակելով իր ձախող ելոյթներու շարքը` Պորուսիա Տորթմունտ այս անգամ պարտուեցաւ Համպուրկէն:
Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն չկրցաւ յաղթել հիւրին` Մոնաքոյի, նկատի ունենալով, որ վերջինս մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (92-րդ) նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը (1-1):
Քանի դէմ իր կատարած մրցումին, Մարսէյ իր յաղթանակը (2-1) արձանագրեց մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (93-րդ)` շնորհիւ Անտրէ – Փիեռ Կինիաքի նշանակած կոլին:

