«Ֆորմիւլա-1». Հեմիլթըն Կ՛ուղղուի Դէպի Ախոյեանութեան Տիտղոս. Պիանչիի Վիճակը` Բաւական Մտահոգիչ

Լուիս Հեմիլթըն

Լուիս Հեմիլթըն

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ճափոնի կրան փրին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2014-ի աշխարհի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:

Անիկա աւարտեցաւ «Մերսետես»-ի վարորդ Լուիս Հեմիլթընի յաղթանակով. վերջինս 44 լեփնոց այս անձրեւոտ կրան փրիին արձանագրեց 1 ժամ 51′ 43″ արդիւնք մը: Անոր խմբակից գերմանացի Նիքօ Ռոզպըրկ 9″ ուշացումով հանդիսացաւ երկրորդ, մինչ փոտիում բարձրացող երրորդ վարորդը հանդիսացաւ «Ռետ-Պուլ»-ի մաս կազմող այլ գերմանացի մը` Սեպասթիան Վեթել (29″ ուշ):

Մինչ անգլիացի Հեմիլթըն իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք այժմ կ՛ուղղուի դէպի ախոյեանութեան տիտղոս, անդին ֆրանսացի Ժիւլ Պիանշի (25 տարեկան), որ «Մարուսիա» խումբին մաս կը կազմէ, իր ունեցած ինքնաշարժի արկածէն ետք այժմ բաւական մտահոգիչ վիճակի մը մէջ կը գտնուի, եւ ըստ «Ռոյթըրզ»-ին, կը պայքարի մահուան դէմ:

Ժիւլ Պիանշիի արկածէն ետք

Ժիւլ Պիանշիի արկածէն ետք

Ախոյեանութեան աւարտին այժմ մնացած է 4 հանգրուան միայն (Ռուսիա` 12 հոկտեմբեր, Միացեալ Նահանգներ` 2 նոյեմբեր, Պրազիլ` 9 նոյեմբեր եւ Ապու Տապի` 23 նոյեմբեր), եւ այժմ Հեմիլթըն իր տրամադրութեան տակ ունի 266 կէտ: Ռոզպըրկ ունի 256 կէտ, մինչ Տանիել Ռիքիարտօ (Աւստրալիա, «Ռետ Պուլ»)` 193 կէտ:

Ինչ կը վերաբերի խումբերու դասաւորման, «Մերսետես» ունի 522 կէտ, մինչ «Ռետ-Պուլ»` 332: Լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ «Ուիլիըմզ-Մերսետես» (201 կէտ):

Share this Article
CATEGORIES