Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ – Իժթիմահի` 0-2

Լուսանկարները տրամադրեց ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ

Լուսանկարները տրամադրեց
ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 4 հոկտեմբերին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը հիւրընկալեց Իժթիմահին:

ՀՄԸՄ-ի նման Իժթիմահի յաղթանակով սկսած էր այս տարեշրջանը, երբ 2-1 արդիւնքով յաղթած էր Ամալ Թրիփոլիին:

Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանի աւարտին Իժթիմահի փոխադրուած էր Բ. դասակարգ:

Հետեւաբար, այս մէկը նկատի առնելով, անիկա ունէր փորձառու մարզիկներ, որոնք Ա. դասակարգի խումբերուն դէմ ճակատած էին, մինչ ՀՄԸՄ նոր բարձրացած էր Բ. դասակարգ եւ հոն կը կատարէր տարեշրջանի իր երկրորդ մրցումը:

1006_from-hmemԻժթիմահի ՀՄԸՄ-ի դէմ տեղի ունեցած այս մրցումին արդէն իսկ առաջին քսան վայրկեաններուն նշանակած էր 2 կոլ եւ 2-0 արդիւնքով կը գերազանցէր ՀՄԸՄ-ը:

Ա. կիսախաղին 2-0 արդիւնքով ուշացած ՀՄԸՄ, Բ. կիսախաղին թէեւ քիչ մը աւելիով կազմակերպեց իր յարձակումները, սակայն անոնք չարդիւնաւորուեցան եւ ՀՄԸՄ չկրցաւ ցնցել մրցակիցին բերդին ուռկանը:

Կոլի ստոյգ առիթ մը զսպուեցաւ Իժթիմահիի բերդին սիւնին կողմէ:

Յամենայն դէպս, ասիկա պարտութիւն մըն է միայն եւ տարեշրջանը նոր սկսած է:

ՀՄԸՄ-ի մարզիկները, մոռնալով այս պարտութիւնը, իրենց հայեացքները պիտի ուղղեն նոր իրագործումներու` իրենց ամէն կարելին ընելով յաղթելու իրենց յաջորդ մրցակիցներուն:

Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն, անոնք անգամ մը եւս` ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, եկած էին քաջալերելու իրենց խումբը:

Դաշտը գտնուող ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն բացի, կը գտնուէին նաեւ լիբանանցի բազմաթիւ լրագրողներ, որոնք լսելով առաջին մրցումին ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն մեծաթիւ ներկայութեան մասին, ուզած էին անձամբ ականատես ըլլալ այդ երեւոյթին, եւ մրցումէն ետք անոնք մեծ գովասանքով արտայայտուեցան խումբին համակիրներուն մասին` նշելով, որ ՀՄԸՄ ունի մեծ ժողովրդականութիւն եւ օրինակելի համակիրներ:

Պէտք է նշել, որ ՀՄԸՄ-ի համակիրները իրենց ներկայութեամբ միշտ ալ կը փաստեն, որ տէրն են իրենց խումբին, եւ ատկէ բացի, անոնց ներկայութիւնը կը նկատուի խումբին յաղթանակին բանալին:

Share this Article
CATEGORIES