Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ուրախութեամբ պիտի լսէք ձեր հարազատներէն մէկուն արձանագրած յաջողութեան մասին, ինչ որ կենսական ակնկալութեան մը իրականացումն է:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ունիք հոգեր, բայց զանոնք պիտի փարատէք շնորհիւ ձեր ուշադիր վերաբերումին: Պիտի ունենաք հոգեկան գոհունակութիւն եւ նիւթական շահ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կուտակուած աշխատանքները պիտի թեթեւնան այս վերամուտին, որովհետեւ ժրաջան եղած էք ամրան ամիսներուն եւ կարողացած` իրագործումներ կատարել:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Օրը օրին հետեւեցէք ձեր ստանձնած աշխատանքին, որպէսզի թերացում մը չստեղծուի: Օրը ունի նաեւ հաճելի տեղեկութիւններ` արտասահմանէն:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր ջանքերը պիտի գնահատուին մեծաւորներուն կողմէ, պիտի արժանանաք նիւթական եւ բարոյական գնահատանքի: Շարունակեցէք նոյն թափով:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Վաղուան մասին մի՛ մտահոգուիք, որովհետեւ ոչինչ կրնաք ընել: Օրը ունի ուրախ տրամադրութիւն պարգեւող պահեր: Ուրախ մնացէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Հեռու մնացէք սին մտածումներէ եւ անիմաստ զրոյցներէ: Ձեր աշխատանքին վերաբերեալ նորութիւններ պիտի լսէք` դրական եւ գոհացուցիչ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մնացէք ձեր որոշումին վրայ: Պիտի կարենաք ձեր ստանձնած պարտականութիւնը իրագործել լաւագոյն արդիւնքով, հետեւաբար մի՛ մտահոգուիք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Նոր անձերու պիտի ծանօթանաք ձեր ճամբորդութեան ընթացքին: Եղէք համեստ եւ գործնական: Ուրիշին աչքին շիւղը գերան մի՛ նկատէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մի՛ մտահոգուիք որեւէ բանի համար, այլ ապաւինեցէք աստուածային կարգադրութիւններու: Կարեւորութիւն մի՛ տաք շատախօսներու ըսի-ըսաւին:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պիտի բախտաւորուիք նոր եւ անակնկալ գործով մը, զոր չէիք ակնկալեր:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Շուկայի գործեր ունիք, նոյն ատեն պէտք է հանդիպիք դրամատուն` ձեր հաշիւները ստուգելու եւ վճարումները կատարելու: Ձեր պարտաւորութիւնները մոռացութեան մի՛ տաք:

Share this Article
CATEGORIES