50 Տարի Առաջ (8 Հոկտեմբեր 1964)
«Օձ, Եկո՛ւր…»
«Վասնզի գիտեմ, որ նուիրական հողին բոլոր արշալոյսները` տարիներէ ի վեր մեր արիւնէ՜ն են կարմիր»…
Խորագիրը Վարուժանէն է, կողմնակի մէջբերումը` Սիամանթոյէն: Երկու անզոյգ փառքեր` ազգաշունչ մեր քերթողութեան մէջ: Յորդ աղբիւրներ` հայկական ցասումի. փոթորկոտ, այլ` սրտառուչ: Մարդկային իրենց ընդվզումին մէջ հայօրէն հպարտ, սգաւոր` բայց կորովաբիբ:
Իրենց տաղերու պատմական շրջագծէն դուրս կը մնան անշուշտ 1915-ի եղերական դէպքերը: Իրենց աճիւնը եւս խառնուեցաւ Միջագետքի աւազներուն, երբ տարտարոսէ տարտարոս ու սպանդանոցէ սպանդանոց կ՛առաջնորդուէր ազգը` ի վերջոյ իր մնացորդացով շինելու համար իր նոր բոյները` ծագէ ծագ, եւ «նուիրական հողին» վրայ վառելու համար մայիսեան ազատութեան իր խարոյկը:
Չտեսա՜ն Վանը, Ուրֆան, Շապին Գարահիսարը, Սուէտիան, Մարաշը, Այնթապը եւ միւսները, որովհետեւ իրե՛նք եղան առաջին զոհերը աքսորական կարաւաններուն ու զնդանէ զնդան առաջնորդուող հայ մտաւորականութեան:
Սակայն 1895-ի եւ 1909-ի աղէտները բաւական եղած էին, որպէսզի ճանչնային «օձ»-ը, եւ, անսահման աւերումէ եւ անպատմելի սուգերէ անդին, գուշակէին հերոսական խոյանքներու փառքը` «սրախողխող արմենական ցեղին»:
Անպատում խաւար եւ խեղդիչ վերջալոյս մը կը ծանրանար արեւմտահայութեան կեանքին վրայ, երբ համիտեան վայրագութիւններն ու Երիտասարդ թուրքերու արիւնկզակ հալածանքները քայլ առ քայլ գործի կը վերածուէին: Սակայն մեր քերթողներու ընդվզումի ձայներուն եւ սարսափի կանչերուն ետեւ կ՛առկայծէր լուսաւոր Յո՜յսը գալիք «արշալոյս»-ներու. կը վառէր հաւա՛տքը` հաւանական խիզախումներու եւ ասպետական պայքարի:
Մէկը թէ միւսը, ինչպէս առհասարակ բոլոր նախապատերազմեան մեր մտաւորականները, չէին հաշտուած այն գաղափարին հետ, թէ հայոց ժամանակակից պատմութիւնը, գերեզմաններու եւ մարտիրոսութեան ժամանակագրութիւն մը միայն պիտի մնար: Իրենց տրտմութեան եւ սուգին մէջ անոնք խորապէս համոզուած էին, թէ սրբազան կոթողումներու եւ անկարելի մարտնչումներու ատակ կը մնայ մեր ժողովուրդը:
Արդարեւ, մինչ աքսորական կարաւանները կ՛անցնէին պատմական Եդեսիայէն դէպի Տէր Զօր, 1915-ի համատարած մթութեան մէջ յանկարծօրէն կը շղթայազերծուէին Վասպուրականի եւ Ուրֆայի դիւցազնական հերոսամարտները (առաջինը` ապրիլին, ու երկրորդը` սեպտեմբերին), որոնք նախերգանքը պիտի ըլլային նոյնքան խոր գիտակցութեամբ մղուած գոյութեան տարբեր կռիւներու, մաքառումներո՛ւ, որոնք հայութեան ճակտէն պիտի սրբէին նուաստ ենթակայութեան եւ աններելի ճակատագրապաշտութեան ամէն արատ:
«Օձ»-ը եկա՞ծ էր դարձեալ, այս անգամ նահանգէ նահանգ ու քաղաքէ քաղաք իր թոյնը սրսկելու, նենգօրէն ձերբակալելու համար Ուրֆայի բոլոր ծանօթ ղեկավարները. դէպի տարապարհակ աշխատանքի վայրերը քշելու համար արհեստաւոր ու բանուոր դասակարգը, աքսորական բազմութիւններու վերածելու համար կին ու աղջիկ, ծերունի եւ անկար, եւ վերջապէս, ժամ մը անդին, Քարաքէօփրիւի մէջ կամ Տիգրանակերտի ճամբուն վրայ փշրելու համար արեւմուտքէն տարագիր հազարաւոր անմեղներու, եւ Զօհրապի ու Վարդգէսի նման մտաւորականներու գանկերը…
Հրէշը չէր կշտացած արիւն լակելէ, ու 1915-ի յուլիսէն ի վեր զանգուածային ձերբակալութիւններու լծուած էր նաե՛ւ Ուրֆայի մէջ, շրջանին 30,000 հայերը բնաջնջելու բացայայտ դիտաւորութեամբ:
Մահուան ու կեանքի այս բախտորոշ րոպէին է, որ կը պոռթկար Եդեսիոյ հայութիւնը` հերոսական խոյանքով մը խափանելու համար անպատիւ անձնատուութեան ամէն հաւանականութիւն, եւ փաստելու համար, անգամ մը եւս, թէ գիտակից էր վերահաս վտանգին: Համեստ աշխատաւոր թէ մտաւորական, կին թէ այր, երիտասարդ թէ ծերունի, աշխարհական մարդ թէ եկեղեցական նո՛յն սրբազան խենդութեամբ 1915-ի սեպտեմբերին փարեցան զէնքի, եւ յիսնօրեայ հերոսամարտ մը կտակեցին ժամանակակից մեր պատմութեան` իբրեւ ամէնէն յաւիտենական վկայութիւններէն մէկը հայուն ազգային արժանապատուութեան:
Երբ կը պատրաստուինք 1915-ի Եղեռնի յիսնամեակը ոգեկոչելու հայկական արտասահմանի մէջ, միայն սեւն ու սուգը պիտի չվերյիշենք. այլեւ ու մա՛նաւանդ «նորահրաշ այն պսակաւորներ»-ը, որոնք մեզի նման մարդիկ էին երէկ, բայց այսօր իմացումներ են` հերոսական իրենց նկարագրով:
Մկրտիչ Եօթնեղբայրեան, Յարութիւն Ռասթկելենեան, Ոսկերիչեան քահանայ, ու տակաւին շա՜րքը հարիւրաւոր ծանօթ ու անծանօթ հերոսներու` այսօր դադրած են անուններ ու անձեր ըլլալէ, ու վերածուած են կախարդական տեսիլքներու. դարձած են շո՛ւնչ ու ոգի, որ վերապրող եւ ծաղկող հայութեան պատմութիւնը փառքի մը կը վերածէ ապագային առջեւ ու կը մնայ ներշնչումի աղբիւր` ներկայ եւ գալոց սերունդներուն համար:
Ուրֆան, Վասպուրականը, Գարահիսարն ու միւսները մահուան եւ սուգի մեր պատմութեան մէջ` գագաթներ են ասպետական խոյանքներու եւ քաջութեան: Վերջնական յաղթանակներ չեն իրենց առարկայական արժէքով, սակայն յաւիտենական փառքեր են` ազգային ու գաղափարական առումով:
Նկուն եւ անփառունակ ժողովուրդի մը ճակատագիրը միայն վերապահուած պիտի ըլլար այսօր մեզի, եթէ 1915-1920 հնգամեակը լուսեղէն կամար մը յօրինած չըլլար արեւմտահայութեան կեանքին վրայ, ու Արեւելեան կողմն աշխարհի` հայութիւնը կերտած չըլլար ազատ իր հայրենիքը, որուն «ոտնաձա՜յնը» կ՛աւետէր Վարուժան, տարիներ առաջ…
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

