«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Կատաղի Կռիւներ Նապաայի Շուրջ Եւ Լեռնային Շրջաններուն Մէջ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Պէյրութի մէջ մղուող կռիւներուն զուգահեռ, 1976 մարտէն սկսեալ կատաղի կռիւներ կը մղուէին նաեւ գիւղական շրջաններուն մէջ:

Քահալէ
Քահալէի եւ Ալէյի միջեւ ռազմաճակատ մը հաստատուած էր: Քրիստոնեայ մարոնի բնակչութիւն ունեցող Քահալէի մէջ կեդրոնացած էին փաղանգաւորները, իսկ մեծամասնութեամբ տիւրզի բնակչութեամբ Ալէյի մէջ` յառաջդիմական ուժերը: Երկու աւաններուն միջեւ գօտեմարտեր կը մղուէին եւ յարձակումներ ու հակայարձակումներ կը շղթայազերծուէին: Քահալէին բնակչութեան մէկ մասը հեռացած էր եւ տեղափոխուած Ժամհուր, Եարզէ, Ֆայատիէ եւ Հազմիէ, իսկ Ալէյի բնակչութեան մեծամասնութիւնը Պհամտուն, Սուք էլ Ղարպ եւ Ալէյի բարձունքները փոխադրուած էին:
Մեթնի լեռնային գիւղերուն մէջ կռիւներ կը մղուէին ղովմիներուն եւ փաղանգաւորներուն միջեւ: Բախումները կեդրոնացած էին գլխաւորաբար Պաապտայի, Պրումմանայի, Պէյթ Մերիի, Մթէյնի եւ Այնթուրայի մէջ: Իսկ Ժըմայէլ ընտանիքին միջնաբերդը նկատուող Պիքֆայայի եւ ղովմիներու հակակշիռին ենթակայ Տհուր Շուէյրի միջեւ ռազմաճակատ մը հաստատուած էր:
Տիւրզի եւ մարոնի խառն բնակչութիւն ունեցող Մթէյն գիւղը երկուքի բաժնուած էր: Վարի մասին մէջ` կեդրոնացած էին ղովմիները, վերի մասին մէջ փաղանգաւորները:
Մթէյն եւ Այնթուրա պաշարուեցան փաղանգաւորներուն կողմէ: Պաշարուած գիւղերէն հրթիռներ կ՛իյնային Պոլոնիայի, Մրուժի եւ Խընչարայի վրայ:
Պէյթ Շապապ, որ ղովմիներու կեդրոններէն մէկն էր, 13 ապրիլ 1976-ին պաշարուեցաւ փաղանգաւորներուն կողմէ: Ամբողջ գիշերը մղուած կռիւներէ ետք ապրիլ 14-ի առաւօտուն գիւղը ինկաւ փաղանգաւորներուն ձեռքը: Գիւղացիք իրենք յանձնեցին զինեալները եւ ազատեցին գիւղը:
* * *
Հիւսիսի մէջ, միատարր քրիստոնեայ մարոնի բնակչութիւն ունեցող Զղարթան գրեթէ պաշարուած էր հազարապետ Ահմէտ Մաամարիի ուժերուն կողմէ: Յարձակող ուժերը փորձեցին ճեղքել զղարթացիներուն պաշտպանողական գիծը, բայց չյաջողեցան:
Մարտի վերջաւորութեան Զղարթայի անկումը մօտալուտ կը նկատուէր, բայց զղարթացիք ամէն ջանք խնդրոյ առարկայ դարձնելով յաջողեցան փրկել Զղարթան եւ հեռացնել ըմբոստ բանակայինները:

Զղարթա
Ապու Սամրա եւ Մաժտալայա գիւղերու գրաւումէն ետք, Զղարթա թիրախ դարձաւ բոլոր ձեւի յարձակումներու:
Երկուշաբթի, 29 մարտ 1976-ի առաւօտուն Թրիփոլիէն հրասայլեր ու զրահապատներ զօրք փոխադրեցին դէպի Մաժտալայա: Զղարթացիք ըմբռնեցին որ ծանր բախումներ պիտի մղեն, պաշտպանելու համար աւանը: Փութով, զղարթացի հազար զինեալներուն միացան 60-ական հոգինոց վեց ջոկատներ, որոնք Թրիփոլիի վրայէն յարձակում մը գործեցին դէպի Քարմէլիթ շրջանը, որ գրաւեցին մարտ 29-էն 30 լուսցող գիշերուան ընթացքին:
Քարմէլիթի շրջանի գրաւումը ձեւով մը փրկեց զղարթացիներուն պատիւը: Երեքշաբթի, 30 մարտին անոնք ծանր զէնքերով արշաւեցին դէպի Ապու Սամրա եւ Քատրիէ, ստիպելով, որ Մաամարիի զինուորները հեռանան մինչեւ Մաժտալայա, որ Զղարթայէն վեց քիլոմեթր հեռու կը գտնուի:
Զղարթայի պաշարումը ձեւով մը վերջ գտաւ, բայց հակայարձակման հաւանականութիւնը չէր կորսուած Մաամարիի համար:
Զղարթայի շուրջ կռիւները եւ ծանր թնդանօթներով ռմբակոծումները շարունակուեցան յաջորդող երեք օրերուն, եւ Մաժտալայա ու Քոպպէ ինկան զղարթացիներուն հակակշիռին տակ:
Միւս կողմէ, Շեքքայի մէջ նոր ճակատ մը բացուեցաւ, բայց Մաամարիի զինուորները չյաջողեցան հասնիլ գործարաններով լեցուն աւանը, որ կը մնար զղարթացիներու տիրապետութեան տակ:
Պաթրուն-Թրիփոլի ճամբան կը մնար փակ եւ միայն զղարթացիներու զրահապատները կը տեսնուէին միջազգային ճամբուն վրայ, մինչ Շեքքայի մուտքին գտնուող փապուղիին առջեւ եւ երկրորդ ճամբուն վրայ, որ լեռնային շրջաններէ կ՛անցնի, ծանր թնդանօթներ զետեղուած էին:
Ապրիլի սկիզբը Ահմէտ Մաամարիի զօրքերը պաշարեցին Աքքարի քրիստոնէաբնակ Քոպպէյաթ աւանը եւ փորձեցին մտնել աւանէն ներս, բայց քոպպէյաթցիք դիմադրութիւն ցոյց տուին եւ թնդանօթներով հակայարձակումի անցնելով նահանջի մատնեցին ներխուժողները:
* * *

Կռիւներ Նապաայի շուրջ
Արեւելեան Պէյրութի մէջ, իբրեւ պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերու կղզիներ կը մնային Թէլ Զաաթարն ու Նապաան: Այդ շրջաններէն կրակ կը բացուէր ամէն ուղղութեամբ եւ Տըքուանէի, Սին էլ Ֆիլի ու Հըրշ Թապէթի բնակչութիւնը կը մնար իր տուներուն մէջ: Արձակազէններ գրեթէ անշարժութեան մատնած էին գլխաւոր ճամբաները: Նապաա-Սին էլ Ֆիլ բարձունքէն արձակազէններու կողմէ արձակուող փամփուշտները սարսափի մթնոլորտի մը տակ կը պահէին Նոր Սիսի մայր ճամբան, մերթ ընդ մերթ անմեղ զոհեր խլելով շրջանի բնակչութենէն:
Աւագ հինգշաբթի, 15 ապրիլը, որ քրիստոնեաներուն համար ոտնլուայի եւ խաւարման գիշերուան մեծ տօնն է, ծանր եղաւ: Նապաա – Սին էլ Ֆիլ ճակատը բռնկեցաւ եւ անշարժութեան մատնեց Պուրճ Համուտի կարգ մը թաղերը, իսկ Աւագ ուրբաթ օր բազմաթիւ հրթիռներ ինկան Նոր Մարաշի մէջ:
Նապաա, որ կէս կղզիացած բնոյթ ունէր եւ միայն Թէլ Զաաթարի յենած էր, կը ռմբակոծուէր Սին էլ Ֆիլէն եւ Էշրեֆիէէն:
Բազմաթիւ հրթիռներ թէեւ հասան իրենց նպատակին, բայց շատ ուրիշներ ինկան Նոր Մարաշ, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մօտերը, ուր տասնմէկ տարեկան աղջնակ մը զոհուեցաւ ու տասնեակ մը ուրիշներ վիրաւորուեցան:
Խթման գիշերը եղաւ շատ ծանր, իսկ Սուրբ Զատիկը, կիրակի, 18 ապրիլ 1976-ը անցաւ պայթումներով, մարդորսորդութեամբ, հրթիռարձակումով եւ թնդանօթներու բախումներով:
Բախումները դժոխային մթնոլորտ մը ստեղծած էին եւ ամէն կողմէ կը լսուէին պայթումներ, կրակոցներ եւ հիւանդատար կառքերու ահազանգի սուր ճիչեր: Զատկուան առիթով եկեղեցիներու զանգերուն ղօղանջը նոյնիսկ կարելի չեղաւ լսել:
Սալոմէ-Ազուզ ճակատներուն վրայ փաղանգաւորները գրաւեցին ռազմագիտական կարեւոր դիրքեր եւ սաստկօրէն ռմբակոծեցին Նապաան: Բայց Թէլ Զաաթարէն հրթիռարձակումը ծանր կացութեան մատնեց թէ՛ փաղանգաւոր միլիսները եւ թէ՛ Տըքուանէի, Ժըտէյտէի, Հըրշ Թապէթի, Սին էլ Ֆիլի եւ Ժսըր Պաշայի բնակիչները:
Նապաացիք հինգշաբթի, 22 ապրիլին հակայարձակումի անցան եւ Թէլ Զաաթարը թիկունք ունենալով, ահ ու դողի մատնեցին Էշրեֆիէն, Պուրճ Համուտը, Տորան, Նահր էլ Մոթը, Ժըտէյտէն, Սին էլ Ֆիլը, Հըրշ Թապէթը եւ Տըքուանէն:
Ռումբերու տեղատարափը հարիւրաւոր զոհեր ու վիրաւորներ խլեց ու կացութիւնը ծայր աստիճան ծանրացաւ շրջաններու բոլոր հիւանդանոցներուն մէջ, ուր վիրաւորներ դարմանելու նախնական դեղորայքն իսկ կը պակսէր:
Ժամուան մը ընթացքին, Պուրճ Համուտի մէջ ինկան յիսունէ աւելի հրթիռներ եւ ռումբեր, խլելով տասնեակ մը զոհեր ու վիրաւորներ, գլխաւորաբար` հայեր:
Յետմիջօրէին եւ երեկոյեան Տորայի շրջանն է, որ ռմբակոծուեցաւ Թէլ Զաաթարէն: Նահր էլ Մոթ, Ամանոս, Անթիլիասի ճամբան, Ժըտէյտէ, Ֆանար եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին շրջանը ինկան հարիւրէ աւելի հրթիռներ:
Փաղանգաւորները կրակմար հաստատեցին զանազան շրջաններու մէջ, ուր ելեկտրականութեան հոսանքը եւ հեռաձայնային գիծերը խանգարուեցան եւ քաոսային վիճակ մը տիրեց:
Միայն յետմիջօրէի եւ երեկոյեան ռմբակոծումներուն հետեւանքով ինկան հարիւրէ աւելի զոհեր եւ աւելի քան 200 վիրաւորներ:
Հակադիր կողմերուն միջեւ հրթիռներու եւ ռումբերու փոխանակումը եղաւ անխնայ, հարուածելով խիտ բնակչութիւն ունեցող թաղերը:
Պուրճ Համուտի հայութիւնը եւս զերծ չմնաց կացութեան ընդհանուր վատթարացումէն եւ արեան իր տուրքը տուաւ հոս ու հոն ինկող հրթիռներուն եւ ռումբերուն: Վնասուեցան յատկապէս Մար Եուսէֆի, Ամանոսի, Թրատի, ժողովրդային բնակարաններու շրջանի եւ Սիսի ծայրամասերուն հայահոծ թաղերը: Ինկան երկու հայ զոհեր եւ 38 վիրաւորներ:
Պենզինի պակասը զգալի էր եւ վիրաւորներ քալելով կամ մոթոսիքլեթներով հիւանդանոցներ փոխադրուեցան:
Մութ կամ լուսաւոր թաղերուն մէջ հրդեհներ ծագեցան: Քաղաքացիք լեղապատառ ապաստանարաններ իջան, մինչ զանազան ճամբաներու վրայ գտնուող ինքնաշարժներ կը քանդուէին եւ շէնքերու ապակիներ կը փշրուէին:
Ուրբաթ, 23 ապրիլը ծանր օր մը եղաւ Նապաայի եւ Պուրճ Համուտի համար: Առտուան մօտ ծանր պայթումներ լսուեցան Նապաայի, Սին էլ Ֆիլի եւ Ժըտէյտէի մէջ: Իսկ կէսօրէ ետք հրթիռները խուճապի մատնեցին ժողովուրդը: Հրթիռ մը ինկաւ Պուրճ Համուտի Սանթրալ շարժապատկերի սրահին մօտ, ուր երիտասարդ մը զոհուեցաւ եւ եօթը անձեր վիրաւորուեցան: Մեսրոպեան վարժարանին մօտ եւս ինկաւ 155-նոց հրթիռ մը. չորս անձեր վիրաւորուեցան, իսկ բազմաթիւ շէնքեր ու ինքնաշարժներ վնասուեցան:
* * *
«Ազդակ», 27 ապրիլ 1976-ի թիւով եւ «Նապաա` ռմբակոծումէն ետք» խորագիրով լրատուութեամբ ներկայացուցած է շրջանին իրավիճակը:
«Քրիստոնեայ շրջանին մէջ գտնուող Նապաա թաղամասի 160,000 մահմետական բնակիչներուն համար «ռումբերու օրը» ճեղք մը բացաւ պատմութեան մէջ:
Քաղաքական եւ զինուորական պատասխանատուներու եւ փողոցի մարդոց խօսակցութեանց այս յանկերգը կը յիշեցնէ այն ռմբակոծումը, որուն հինգշաբթի կէսօրէ ետք թիրախ եղաւ լիբանանեան մայրաքաղաքի այս աղքատ թաղամասը, որ կը գտնուի յառաջդիմական ուժերու հակակշիռին տակ:

Պաղեստինցի ֆետայիներ
Ըստ շրջանի զինուորական պատասխանատուին, մէկ ժամուան ընթացքին 30-էն 35 մեծ ռումբեր տեղացին փողոցներու եւ տուներու տանիքներուն վրայ: Հրասանդի 120 միլիմեթրնոց վեց ռումբեր մահասփիւռ եղան, որովհետեւ պայթեցան մարդաշատ շուկաներու մէջ:
Նապաայի մէջ յունուարէն ի վեր հաստատուած ֆրանսացի բժիշկներուն պետը նկարագրեց զարհուրելի տեսարաններ: «Ամբողջ ժամ մը, վիրաւորներ տասնեակներով կը խուժէին մեր դարմանատունը: Անկարողութեան մատնուեցանք տեղի պակասէն եւ ստիպուեցանք մահճակալներ հաստատել փողոցին մէջ: Իսկ գործողութեան սրահին մէջ վիրաւորներ եւ մեռեալներ իրարու կը կուտակուէին անկիւն մը, իսկ վիրաւորները կը սպասէին դարմանումի իրենց հերթին:
«Գործիքներու պակաս կար, շարունակեց վիրաբուժը, ստիպուեցանք գործողութիւն ընել առանց ձեռնոցի, իսկ իբրեւ վիրակապ եւ փաթաթ գործածեցինք նախապէս հականեխուած արուեստական սպունգ»:
«Զրկեալներու Համախմբում»-ին շրջանի քաղաքական պատասխանատուն կը յայտնէ, որ այդ ռմբակոծումը պատճառած է 30 մեռեալ եւ 150-է աւելի վիրաւոր: Սակայն, կիրակի օր, հակառակ ռմբակոծումին յառաջ բերած ցնցումին, կեանքը գէշ աղէկ կը շարունակուէր:
Սրճարանները լեցուն էին յաճախորդներով, որոնք սակայն չէին համարձակեր սեղանները տեղաւորել բացօթեայ վայրի մէջ, ռմբակոծումի վախէն: Տանտիկինները կը ջանային պարենաւորուիլ շրջուն վաճառորդներու կառքերէն, կամ գրեթէ պարապ խանութներէն:
Մինչեւ կիրակի կէսօրէ ետք, աջակողմեան միլիսներու սննդային պաշարումը կը շարունակուէր: Շնորհիւ հայերու, որոշ չափով սննդեղէն կը հասնի մինչեւ Նապաա թաղամասը: Սակայն անոնց եւ մանաւանդ կանաչեղէններու գիները սովորականէն տասը անգամ աւելի են: Պէտք է յիշեցնել որ հայկական թաղամասը կը հանդիսանայ թամփոն գօտի մը Նապաայի ձախակողմեան ուժերու եւ փաղանգաւոր միլիսներու միջեւ:
«Սկիզբները, բացատրեց քաղաքական պատասխանատուն, ժողովուրդը, որ մեծամասնութեամբ շիի է եւ գաղթած Հարաւային Լիբանանէն եւ Պաալպէքի շրջանէն, սպառեց պահեստի այն պաշարը, որ սովորութիւն է պատրաստել ամառը գիւղերու մէջ: Այժմ այդ պաշարը սպառած է եւ, ամբողջական պաշարումի պարագային, տասնհինգ օրէն սովի պիտի մատնուինք…»:
Նապաա եւ անոր յարակից թաղերը բնականոն օրերուն, ըստ վերոյիշեալ պատասխանատուին, կը հաշուեն մօտ 160,000 բնակիչ, որոնց 135,000-ը շիի: Աշխատելու տարիք ունեցող այր մարդոց 85 առ հարիւր տոկոսը անգործ է: Անոնք կը զբաղին մանր արհեստներով` սիկարէթի վաճառք, կօշիկի ներկարար, բեռնակիր եւ այլն: Ասոնց համար սեւ շուկայի գիները անմերձենալի են, եւ այդ պատճառով կը բաւականանան ձէթ քսել հացին վրայ եւ ճաշել:
Ամէնէն մեծ վախը աջակողմեան միլիսներու յարձակումի մը սպառնալիքն է: Եւ այդ վախը իրաւացի է: Միլիսները կրնան խուժել Նապաայի վրայ եւ անոր վերապահել ճակատագիրը մօտակայ Քարանթինայի, որ հիմնայատակ եղաւ անցեալ յունուարին:
«Եթէ փաղանգաւորները փորձեն գրաւել մեր թաղը, յայտարարեց շրջանի պատասխանատուն, կը յաջողին, բայց պէտք է զոհեն հազարաւոր մարդիկ: Պէտք է գրաւեն տուն առ տուն»: Եւ աւելցուց. «Մեր տրամադրութեան տակ ունինք 25,000 զէնք»:
Շրջանի պատասխանատուներուն եւ ժողովուրդին համար զինադուլը խախուտ է եւ ռմբակոծումները կրնան վերսկսիլ:
«Եթէ ճամբաները բաց ըլլային, շատեր պիտի վերադառնային իրենց գիւղերը: Թաղամասին բնակչութեան կէսը շրջանէն մեկնեցաւ նախորդ զինադուլին, բայց շատեր վերադարձած էին կարծելով որ անդորրութիւնը տեւական է», շարունակեց քաղաքական պատասխանատուն: «Այժմ անոնք կրկին արգելափակուած են: Այստեղ ապրող 135,000 շիիներէն ներկայիս մնացած է 83,000 հոգի»:
Նապաայի մէջ, ամէն մարդ, եւ մանաւանդ մանուկները լաւ գիտեն վտանգաւոր գօտիները եւ այդ տեղերէն անցնելու ատեն, գետնին կը հաւասարին: Իսկ այն փողոցները, որոնք կը գտնուին արձակազէններու գնդակին տակ, պաշտպանուած են հաստ թիթեղներով: Սակայն այս պատնէշները ոչ մէկ օգուտ ունին ռումբերու դէմ»: