Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Սահմանափակ Կարողութիւն Ունեցող
Երեխաներուն Օժանդակող Կեդրոն
Մարտ 2014-էն «Արմենակ եւ Աննա Թադէոսեաններ» բժշկական կեդրոնին մէջ, «Վիվասէլ¬Էմ. Թի. Էս.»-ի օժանդակութեամբ, իր գործունէութեան սկսաւ մանկական վերականգնողական եւ ցերեկային խնամքի կեդրոնը, որ կը սպասարկէ մտային, ֆիզիքական, հոգեբանական¬ընկերային, ուսումնական եւ վարքագծային խնդիրներ ունեցող երեխաներու:
«Վիվասէլ¬Էմ. Թի. Էս.»-ի նիւթական աջակցութեան շնորհիւ կարելի եղաւ կեդրոնին մէջ երեխաներուն եւ սպասարկող անձնակազմին համար երկու անգամ սնունդ տրամադրել եւ կահաւորել ննջասենեակները: Այժմ կեդրոն կը յաճախեն 40 երեխաներ` 26-ը գիւղաբնակ, իսկ 14-ը` քաղաքաբնակ: Ընդհանուր առմամբ, 2013-2014 «Վիվասէլ¬Էմ. Թի. Էս.»-ը կեդրոնին տրամադրած է աւելի քան 23 միլիոն 850 հազար դրամ:
«Մենք ուրախութեամբ կը համագործակցինք այս կեդրոնին հետ, ուր յատուկ կարիք ունեցող երեխաները կը ստանան անհրաժեշտ հետեւողական մասնագիտական բուժում: Մենք համոզուած ենք, որ դրական տեղաշարժ եւ առաջընթաց կարելի է արձանագրել, եթէ այս երեխաները զգան մեր հոգատարութիւնը, ուշադրութիւնը եւ աջակցութիւնը, ինչ որ կարեւորագոյնն է երեխաներուն հետ աշխատելու ընթացքին», յայտնած է «Վիվասէլ¬Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:
Վերականգնողական ծառայութիւնները կը մատուցուին բազմամասնագիտական խումբի անդամներու համագործակցութեան շնորհիւ եւ կարելիութիւն կու տան սահմանափակ կարողութիւն ունեցող երեխաներուն` ստանալու բժշկական, հոգեբանական եւ մանկավարժական համակարգուած օգնութիւն:
«Գագիկ Ծառուկեան» Հիմնադրամը Պիտի Աջակցի
Արաքսի Հովիտի Զարգացման
Հոկտեմբեր 2-ին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանին հետ այցելած է հանրապետութեան հարաւային թեւ: Նախագահին կ՛ընկերակցէին փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի մամլոյ գրասենեակէն կը յայտնեն, որ նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է Հայաստանի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու Արցախ կատարած պարբերական այցելութիւնները եւ անոնց մասնակցութիւնը Արցախի տարբեր ծրագիրներու իրականացման գործընթացին` նշելով, որ նման մօտեցում մեծապէս պիտի նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի ընկերային-տնտեսական զարգացման:
Արաքսաւան տրուած այցելութիւնը ընդգրկած է «Արաքս բերի» ընկերութեան արտադրամաս այցելութիւնը: Արաքսաւանի մէջ նախագահին մասնակցութեամբ կայացած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը ներկայացուցած է Արաքսի հովիտին մէջ կատարուած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ներկայացուցած է այն ծրագիրները, որոնք իրականացնել նախատեսուած են այդ վայրին մէջ:
Փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան խորհրդակցութեան ընթացքին տեղեկացուցած է, որ 10,000 հեկտար հողը մշակելի դարձնելու քաղաքականութիւնը արդէն իսկ արդիւնք կու տայ եւ միայն 2013-ին հողագործին տրամադրուած է 1000 հեկտար հողատարածք:
Ծանօթանալով Արաքսաւանի մէջ տարուող աշխատանքներուն` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեան յանձն առած է «Գագիկ Ծառուկեան» հիմնադրամին միջոցներով աջակցիլ Արցախի հարաւային թեւին մէջ նախատեսուող աշխատանքներու իրագործման:
Արցախի Մէջ Սուրիահայերը Գլխաւորաբար
Կը Զբաղին Երկրագործութեամբ
Ներկայ դրութեամբ Արցախի մէջ բնակութիւն հաստատած է շուրջ 200 սուրիահայ` 30-35 ընտանիք: Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանին մէջ ուսանողներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին այս մասին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեանը` պատասխանելով դասախօսներէն մէկուն հարցումին: «Անոնք հիմնականին մէջ կը բնակին Քաշաթաղի շրջանին մէջ, կը զբաղին հողագործութեամբ: Մենք զանոնք ապահոված ենք բնակարանով, ստեղծած ենք պայմաններ, որպէսզի անոնք կարենան արդիւնաւէտ կերպով աշխատել», ըսած է վարչապետը:
Ան ընդգծած է, որ Քաշաթաղի շրջանին մէջ կան մեծ մակերեսով հողեր, որոնք չեն օգտագործուիր եւ անոնք տրամադրուած են սուրիահայերուն: «Սուրիահայերը շատ լաւ կ՛աշխատին, մանաւանդ որ անոնք հիմնականօրէն այն անձերն են, որոնք Սուրիոյ մէջ զբաղած են ցորենի արտադրութեամբ եւ հիմա իրենց փորձառութիւնը կ՛օգտագործեն Արցախի գիւղատնտեսութիւնը զարգացնելու նպատակով», դիտել տուած է Յարութիւնեան:
Ան շնորհակալութիւն յայտնած է այն սուրիահայերուն, որոնք Արցախի մէջ ապրելու փափաք յայտնած են, ընդգծելով, որ իրենք պարտաւոր կը զգան այդ մարդոց համար ապրելու եւ գործելու բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու: «Այս տարին այնքան ալ բարենպաստ չէր հողագործութեան համար, եւ մենք պէտք է քայլերու ձեռնարկենք, որպէսզի չէզոքացնենք այն տնտեսական վնասները, զորս կրնան կրել սուրիահայերը», յայտնած է վարչապետը:
Գառնիկ Սարգիսեանի Համերգները
Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ
Սեպտեմբեր 29-ի երեկոյեան ժամը 19:30-ին, հակառակ յորդ անձրեւին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնութեամբ մեկնարկեց հայրենասիրական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանի մենահամերգը:
Երգահանդէսին ներկայ էին արցախցիներ, Հայաստանէն եւ սփիւռքէն հիւրեր, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ ընդունեցին Գառնիկ Սարգիսեանը` առաջին իսկ կատարումներէն: Վերածնունդի հրապարակին վրայ ամէնուր կը թեւածէր հայրենասիրական ոգին: Արցախցիները տակաւին արցախեան պատերազմի տարիներէն ծանօթ են Գառնիկ Սարգիսեանի երգերուն, ուստի անոնք ձայնակցեցան անոր:
Համերգը կը հովանաւորէին Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը, Հրաչ Ճապրայեանը եւ «Ղարաբաղ տելեքոմ» ընկերութիւնը:
Սեպտեմբեր 28-ին յեղափոխական երգի մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանը երգահանդէս ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունի քաղաքի մշակոյթի տան մէջ:
Երգահանդէսին ներկայ էին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները, Մարտունիի շրջանային վարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Էդուարդ Բարսեղեանը, քաղաքապետ Մհեր Խաչատրեանը, Լեռնային Ղարաբաղի վերահսկիչ պալատի նախագահ Արթուր Մոսիեանը, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արմէն Սարգսեանը եւ այլ պաշտօնատար անձեր:
Մարտունիի մշակոյթի տունը ամբողջութեամբ լեցուն էր, աւելի քան երկու ժամ տեւած երգահանդէսին ընթացքին ամբողջ սրահը ոչ միայն ունկնդրեց յեղափոխական-ազգային երգերու իւրայատուկ մեկնաբանին կատարումները, այլ նաեւ մեծ ոգեւորութեամբ ձայնակցեցաւ անոր:
Սեպտեմբեր 27-ին յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական միութեան անդամներուն հետ: Հանդիպման մասնակցեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արմէն Սարգսեանը:
Հանդիպման ընթացքին Գառնիկ Սարգիսեան նշեց, որ մեծապէս յուզուած եւ ուրախ է, որ կարելիութիւն ունի ելոյթ ունենալու Արցախի մէջ: «Տարբեր բան է իմ երգերս կատարել սփիւռքի մէջ, ամբողջովին տարբեր բան` Արցախի մէջ, ուր ոգի ստացած են այս երգերը», ըսաւ Գառնիկ Սարգիսեան:
Այնուհետեւ Գառնիկ Սարգիսեան պատասխանեց երիտասարդներուն հարցումներուն` մասնաւորապէս զինեալ պայքարի, Հայ դատի եւ պահանջատիրութեան վերաբերեալ:
Երեւանի Մէջ «Ղարաբաղ Կարպետ» Խանութի Բացում
Սեպտեմբեր 22-ին Երեւանի մէջ (Մաշտոց 35.1) տեղի ունեցաւ Արցախի գորգերու արտադրութիւն կազմակերպող «Ղարաբաղ կարպետ» վաճառատան բացումը` արցախեան գորգերը նաեւ երեւանցիներուն եւ Երեւան այցելողներուն հասանելի դարձնելու նպատակով: «Ղարաբաղ կարպետ»¬ին նպատակն է հայկական գորգագործութեան հազարամեակներու պատմութիւնը տարածել ողջ աշխարհին մէջ: Ընկերութեան արտադրութիւնը կը վաճառուի նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ:
«Այսօր Արցախի կառավարութիւնը հետեւողական է գորգագործութեան զարգացման առնչութեամբ: Գորգագործութիւնը հայկական եւ արցախեան տարածքի մշակութային կարեւոր բաղադրիչ է, այս իսկ պատճառով անոր զարգացման միտող նախաձեռնութիւններուն մեծ կարեւորութիւն կը տրուի: Ցաւ ի սիրտ, ազրպէյճանցիները, իրենց զեղծարար քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք, հայկական, նաեւ արցախեան գորգերը աշխարհին կը ներկայացնեն իբրեւ ազրպէյճանական: «Ղարաբաղ կարպետ» սրահի բացումը Երեւանի մէջ վկայութիւն մըն է այն մասին, որ ազգային, մշակութային ինքնութեան պահպանումն ու անոր կենսունակութիւնը մեծ կարեւորութիւն ունին մեզի համար», բացման ընթացքին ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանը:
Նշենք, որ «Ղարաբաղ կարպետ»¬ը հիմնադրուած է 2013 թուականին Ղարաբաղի մէջ, անիկա կ՛արտադրէ հայկական եւ յատկապէս արցախեան գործեր, ինչպէս նաեւ` տարբեր ոճերու, տարբեր քաղաքակրթութիւններու յատուկ գորգեր: Ընկերութեան մէջ կ՛աշխատին աւելի քան 150 գորգագործներ:
Յովհաննէս Չեքիջեանի 85-Ամեակին Նուիրուած
Գիրքի Շնորհահանդէս
Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին կից գտնուող սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդական արուեստագէտ-գեղարուեստական ղեկավար, խմբավար Յովհաննէս Չեքիջեանի 85-ամեակին նուիրուած գիրք-ալպոմին շնորհահանդէսը:
Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ գիրքին հեղինակը` Սերգէյ Առաքելեան, վստահութիւն յայտնեց այն մասին, որ իր գիրքի շնորհահանդէսին ներկայ են «չեքիջեանասէր մարդիկ»: «Ես համոզուած եմ, որ բոլորս հոս համախմբած է ժողովրդական արուեստագէտ, առասպելական մարդ Յովհաննէս Չեքիջեանին նկատմամբ սէրն ու յարգանքը: Մայէսթրօ Չեքիջեանին ստեղծագործական կեանքը ներկայացնող այս աշխատութիւնը, որ այսօր ձեր դատին կը ներկայացուի, կրնար ստեղծուիլ երեք տարի առաջ, սակայն երբ մայէսթրոն ինծի առաջարկեց դառնալ այս գիրքին հեղինակը, ես մտածեցի եւ սկիզբը մերժեցի», ըսած է ան` ընդգծելով, որ աւելի ուշ, երբ առաջարկը կրկնուած է, ինք համարձակութիւն ունեցած է ստանձնելու այդ աշխատանքը եւ այսօր արդէն հանրութեան ներկայացուցած է մեծ մարդուն ստեղծագործական կեանքը:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Յովհաննէս Չեքիջեանը` ընդգծելով, որ իրեն համար մեծ երջանկութիւն է կենդանութեան օրով այսպիսի հրաշալի գիրք կարդալու կարելիութիւն ունենալը: «Ի հարկէ, նման բախտի արժանանալու համար ես պարտական եմ մեր կառավարութեան, որ կ՛օժանդակէ նման կարեւոր նախաձեռնութիւններուն: Շատ կարեւոր կը նկատեմ նաեւ այն հանգամանքը, որ մենք գիրքին շնորհահանդէսը կը կատարենք Ազգային ժողովին մէջ: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Սերգէյ Առաքելեանին, որ ինծի համար կատարած է բան մը, որ ինծի համար երբեք ոչ ոք ըրած է», նշած է ան` ընդգծելով, որ իրեն փոխանցած են, թէ որքա՛ն անքուն գիշերներ անցուցած է Սերգէյ Առաքելեանը` իր ստեղծագործական կեանքը ներկայացնող գիրքը գրելու ատեն:
Շնորհահանդէսին ներկայ էին Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանը, խումբ մը երեսփոխաններ` տարբեր խմբակցութիւններէ:
Հայագիտական Միջազգային Ընկերակցութեան
Համաժողովը Տեղի Պիտի Ունենայ Երեւանի Մէջ
Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու միջազգային ընկերակցութիւնը (AIEA/ՀՈՒՄԸ) իր հերթական 13-րդ համաժողովը պիտի գումարէ Երեւանի մէջ, 9-11 հոկտեմբերին, «Մատենադարան» Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հաստատութեան հետ համադրաբար:
Միջազգային մեծ հեղինակութիւն վայելող այս ընկերակցութիւնը հիմնադրուած է 1981-ին` հայագէտներ Մայքըլ Սթոնի եւ Եոս Վայթենպըրկի նախաձեռնութեամբ: Անիկա կը համախմբէ 20 երկիրներէ (1988-ին` նաեւ Հայաստանէն) 400-է աւելի հայագէտներ եւ յարակից մասնագիտութիւններու ներկայացուցիչներ: Ընկերակցութեան հիմնական կորիզը կը կազմեն եւրոպական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ գործող հայագիտական կեդրոններու առաջատար ուժերը` օտար եւ հայ գիտնականներ:
Ընկերակցութեան հիմնական նպատակներէն է խթանել հայագիտութեան զարգացումը իր բոլոր բնագաւառներով, ի մի բերել եւ գիտական շրջանառութեան մէջ դնել նորագոյն ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները, ինչպէս նաեւ` կազմակերպել ոլորտի մասնագէտներու փորձառութեան փոխանակման միտող հանդիպումներ:
Այս տարուան ժողովը կարեւոր է այն առումով, որ իր գոյութեան 33 տարիներուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով կառոյցը իր ժողովը պիտի գումարէ Հայաստանի մէջ, ինչ որ առիթ պիտի ըլլայ եւրոպական տարբեր համալսարաններ ներկայացնող գիտնական-հայագէտներուն հայագիտութեան բնօրրանին մէջ համախմբելու:
Համաժողովի երեք օրերուն ընթացքին պիտի գումարուին 16 նիստեր, պիտի կարդացուին 70 զեկուցումներ, 50-ը` արտասահմանէն եկած հայագէտներուն կողմէ:
«Առաջին Աշխարհամարտը Եւ Հայ Ժողովուրդը» Թեմայով
Խորհրդաժողով
Հոկտեմբեր 1-ին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ «Ա. Աշխարհամարտը եւ հայ ժողովուրդը. պատմութիւն եւ արդիական խնդիրներ» նիւթը քննարկող միջազգային գիտաժողովը:
Դասախօսներու շարքին են ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ամպիոնի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանը («Ա. Աշխարհամարտ-Հայոց ցեղասպանութիւն. պատճառներ եւ հետեւանքներ» զեկոյցով), ՀՀ ԳԱԱ արեւելագիտութեան ամպիոնի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեանը («Հայոց ցեղասպանութեան ծրագրի ձեւաւորումը. թուրքական փաստաթղթերի վերլուծութիւն» զեկոյցով), պատմաբան եւ հասարակական գործիչ Ալեքսանդր Շուբինը («Օսմանեան արշաւանքը դէպի Արեւելք. 1918 թ.» զեկոյցով), Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեանը («Հաղորդում Հայաստանի Ազգային արխիւի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ փաստաթղթերի տարբեր լեզուներով հրատարակութեան մասին» զեկոյցով):
Գիտաժողովին ներկայացուած է եւս 45 գիտական զեկոյց: