Ցեղասպանութենէն Վերապրողի Մը Նուիրուած Նոր Հատոր` «Տելի Սարգիս»

Deli-Sarkis-1Էլեն Սարգիսեան-Չեսնաթ հրատարակած է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած իր հօր ականատեսի վկայութեանց վրայ հիմնուած հատոր մը` «Տելի Սարգիս. անոր կրած սպիները» («Deli Sarkis: The Scars He Carried») խորագիրով:

Հատորին հեղինակը Իրաք ծնած է ու իր ընտանիքին հետ Միացեալ Նահանգներ գաղթած` 2 տարեկան հասակին: Անոր հայրը մահացած է 1995-ին:

Գիրքին մէջ հեղինակը կը նկարագրէ Ցեղասպանութեան ընթացքին 10 տարեկան եղած իր հօր ոդիսականը: «Այս հատորը գրեցի, որովհետեւ չեմ ուզեր, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը շարունակէ մնալ թաքուն ցեղասպանութիւն մը», կը յայտնէ ան:

Էլեն Սարգիսեան-Չեսնաթ, որ 42 տարիներու ուսուցչական սպասարկութիւն մատուցած է Սան Ֆրանսիսքոյի միացեալ կրթաշրջանին մէջ, վերջին 26 տարիներուն աշխատած է այս հատորին վրայ, որուն հում նիւթը ապահոված է իր հօրը հետ ունեցած զրոյցներով եւ այլ ուսումնասիրութիւններով: Ան 186 էջերու մէջ ամփոփած է իր հօր պատմութիւնը: Գիրքին մէջ կան նաեւ 111 լուսանկարներ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )