Տինքի Կինը Տէրսիմահայերուն Կոչ Կ՛ընէ Չվախնալու Իրենց Արմատներուն Վերադառնալէն

«ԱՐՄԷՆՓՐԵՍ»

Armenpress_rakel-dinkԶուիցերիոյ Լոզան քաղաքին մէջ իրականացած է «Հայ Տէրսիմ» խորագիրով Տէրսիմի հայերու զօրակցութեան օր` Տէրսիմի հայերուն նկատմամբ կիրարկուած ցեղասպանական քաղաքականութեան եւ անոնց ներկայ վիճակին վերաբերեալ:

Ըստ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքին, ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկած են տէրսիմահայերու ընկերութեան ներկայացուցիչներ Սթեֆան Ճեմ Հալաւուրթ եւ Ռոպեր Ռեչեփ Քայեան, որոնք նշած են, թէ Հրանդ Տինքի սեփական կեանքը արժած հաւատքն ու կեցուածքը մեծապէս ոգեշնչած են Տէրսիմի հայերը:

Անոնք ուշադրութիւն հրաւիրած են այն փաստին վրայ, որ 1915 թուականէն առաջ եւ յետոյ տէրսիմահայերու հետ տեղի ունեցածը իսկական ցեղասպանութիւն եղած է:

Կարեւոր համարելով տարածաշրջանին մէջ եկեղեցիներու, վանքերու եւ դպրոցներու վերանորոգման աշխատանքները` Հալաւուրթ յայտնած է, որ իրենց յառաջիկայ ծրագիրներուն մէջ կան կրօնական դասընթացքներ եւ Տէրսիմի կեդրոնը եկեղեցիի մը կառուցում:

Armenpress_panelՁեռնարկի մասնակիցներէն Յովսէփ Սէյրանի փաստած է, որ Ցեղասպանութիւնը այսօր ալ կը շարունակուի տարբեր ձեւերով: Անոր համոզումով, անցեալէն մնացած հետքերու եւ մշակոյթի ոչնչացման ուղղուած ջանքերը եւս Ցեղասպանութեան ուղեկցող գործողութիւններ են:

Իր խօսքով ներկաներուն դիմած է ձեռնարկին ներկայ Ռաքէլ Տինքը` Հրանդ Տինքի կինը, որ տէրսիմահայերուն կոչ ուղղած է չվախնալու սեփական արմատներուն վերադառնալու գաղափարէն: «Միայն այդպիսով կարելի պիտի ըլլայ հասարակութեան նպաստել եւ իրականութեան հետ առերեսուիլ: Մէկս միւսիս աւելի մտերմացնողը մեր ընդհանուր ցաւն է», ըսած է Ռաքէլ Տինք:

Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկած են երգչուհի Յասմիկ Յարութիւնեան եւ աշխարհահռչակ տուտուկահար Ջիւան Գասպարեան:

Share this Article
CATEGORIES