Եուրօ-2016. Ռամոս Պիտի Բացակայի Սպանիոյ Կատարելիք Մրցումներէն
Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող յետսապահ Սերճիօ Ռամոս վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Սլովաքիոյ եւ Լիւքսամպուրկի դէմ տեղի ունենալիք Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի մրցաշարքին եւ պիտի փոխարինուի Պարսելոնայի յետսապահ Մարք Պաթրայով:
Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը տեղեկացուց, որ «Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Ռամոս լքեց իր կազմը, որ փորձեր կը կատարէր` նկատի ունենալով, որ ան այս վիճակին մէջ ոչ մէկ մրցումի կրնայ իր մասնակցութիւնը բերել»:
Վերոնշեալ երկու մրցումներուն համար Սպանիոյ մարզիչ Վիչենթէ Տել Պոսքէ նկատի առած է երկու նորեկներ` յառաջապահ Ռոտրիկոն եւ յետսապահ Խուան Պեռնաթը:
Նշենք, որ ծնունդով պրազիլցի յառաջապահ Ռոտրիկօ Պենֆիքայէն փոխ տրուած է Վալենսիայի, մինչ յետսապահ Պեռնաթ, մաս կը կազմէ Պայէրն Միւնիխի:
Սպանիա զտումի իր մրցումներուն սկսաւ յաղթանակով` 5-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Մակեդոնիան:

