Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Մրցումները Պիտի Նկարահանեն Ֆրանսացիները
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ 11 եւ 14 հոկտեմբերին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին կատարելիք երկու մրցումները պիտի նկարահանեն ֆրանսացիները:
Առաջին մրցումին, Եուրօ-2016-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ Հայաստան պիտի հիւրընկալէ Սերպիան, իսկ երեք օր ետք` երկրորդ մրցումին պիտի ընդունի Ֆրանսան` ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին:
Վերջին տարիներուն այս առաջին դէպքը չէ, երբ Հայաստանի մասնակցութեամբ երեւանեան մրցումները կը նկարահանեն օտարները: Խնդիրը այն է, որ Հայաստանի մէջ գործող պատկերասփիւռի կայանները չունին համապատասխան արհեստագիտութիւնը` բարձր որակով մրցումները ուղղակիօրէն պատկերասփռելու համար:
Նշենք, որ մրցումները ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուին «Առաջին ալիքով»:
CATEGORIES Մարզական

