Ժան Համմամ` «Ռիփլէյ»-ի Այսօրուան Հիւրը

1007_Jean-HammamԼիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժան Համմամ այսօր` չորեքշաբթի, 8 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 21:45-ին, ուղղակիօրէն պատկերասփռուող հարցազրոյց մը պիտի ունենայ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի «Ռիփլէյ» մարզական յայտագիրին ընդմէջէն:

Ան պիտի խօսի առհասարակ մարզական նիւթերու եւ ի մասնաւորի Ինշիոնի մէջ տեղի ունեցած 2014-ի խաղերուն Լիբանանի մասնակցութեան մասին:

Նշենք, որ շաբաթական դրութեամբ սփռուող այս յայտագիրը կը վարէ մարզական լրագրող` Էլի Նասսար:

Share this Article
CATEGORIES