Եուրօ-2016. Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Սկսաւ Նախապատրաստուիլ
Ինչպէս ծանօթ է, շաբաթ, 11 հոկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ պիտի հիւրընկալէ Սերպիան, իսկ 14 հոկտեմբերին հայրենի կազմը ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին պիտի ընդունի Ֆրանսայի կազմը:
Շաբաթասկիզբին հայրենի կազմը սկսաւ նախ եւ առաջ նախապատրաստուիլ Սերպիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին` Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ առաջին փորձը կը կրէր վերականգնողական բնոյթ:
Գէորգ Ղազարեան վիրաւոր ըլլալուն պատճառով չժամանեց, մինչ Յովհաննէս Համբարձումեան, Արտակ Տաշեան եւ Արթուր Միրանեան հաւաքականին միացան երէկ:
Հրայր Մկոյեան, որ թեթեւ փորձեր կատարեց, շատ հաւանաբար մրցումին չմասնակցի` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
Նշենք, որ փորձերը պիտի շարունակուին մինչեւ շաբաթավերջ, օրական երկու անգամ:

