Մասնակցութեամբ Ռիատի Պէյրութի Եւ Արաբական Չորս Խումբերու. Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Պասքեթպոլի 24-րդ Մրցաշարքը Կը Սկսի Ուրբաթ, 10 Հոկտեմբերին
Ռիատի Պէյրութի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի տղոց 24-րդ միջազգային մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն արաբական չորս խումբեր, ինչպէս նաեւ հիւրընկալ ակումբը` Ռիատի:
Մրցաշարքին մասնակցող այդ չորս խումբերն են` Սալա (Մարոք), Սփորթինկ (Եգիպտոս), Նաժըմ Սահիլի (Թունուզ) եւ Նաֆթ Ժընուպ (Իրաք):
Մրցաշարքին բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 10 հոկտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին. բացումին պիտի յաջորդէ Ռիատի Պէյրութ – Նաֆթ Ժընուպ մրցումը:
Աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 17 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, որուն պիտի յաջորդէ մրցանակաբաշխութիւնը:
CATEGORIES Մարզական

