ԻՆԹԵՐ ՄԻԼԱՆ ԿԸ ՄՆԱՅ 2006-Ի ՔԱԼՉԻՈՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշեց, որ Ինթեր Միլան կը մնայ 2006-ի Քալչիոյի ախոյեան, հակառակ անոր որ այն մտավախութիւնը կար, որ անկէ խլուի ախոյեանութեան տիտղոսը:
Նմանօրինակ դէպք մը տեղի ունեցած էր անցեալին, երբ Եուվենթուսէն խլուած էին 2004-2005 ու 2005-2006 տարեշրջաններուն անոր տիրացած ախոյեանութեան տիտղոսները, եւ անիկա փոխադրուած էր Բ. դասակարգ:
Ֆետերասիոնին կողմէ կատարուած այս յայտարարութենէն ետք Եուվենթուս ըսաւ, որ պիտի բողոքէ տրուած այս որոշումին դէմ` աւելցնելով, որ Ինթերէն եւս պէտք է խլուի ախոյեանութեան տիտղոսը:
CATEGORIES Մարզական