Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ներկայ Ժամանակի Մարդկութիւնը Տագնապեցնող Հիւանդութիւններ» Նիւթով

DSC04407Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 8 հոկտեմբեր  2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ «Ներկայ ժամանակի մարդկութիւնը տագնապեցնող հիւանդութիւններ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմինի բժիշկ տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց ատենապետ Սոնա Եափուճեան: Ներկայացնելէ ետք դասախօսը` տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեանը, ան նշեց, թէ տարբեր հիւանդութիւններ, յատկապէս Ափրիկէի մէջ յայտնուած ժահրային մահացու հիւանդութիւնները, ինչպէս նաեւ վերջին տարիներուն ամբողջ մարդկութիւնը մտահոգող տարբեր բնոյթի ոչ բուժելի հիւանդութիւններ, դարձած են ամէնօրեայ մտահոգութիւն ու տագնապ:

Ներկայացուած դասախօսութիւնը վերոնշեալ հիւանդութիւններուն գծով կը ներկայացնէր բացատրութիւն, լուսաբանութիւն եւ կանխարգիլման միջոցներ:

Տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան դասախօսութեան սկսաւ ներկայացնելով առաջին հիւանդութիւնը. վերջին ամիսներուն համացանցի, «ֆէյսպուք»-ի վրայ սառոյցով ջուրը գլխիվար թափելով բոլորը ցոյց տուին ուղղակի կամ անուղղակիօրէն իրենց կեցուածքը հիւանդութեան մը մասին, որ կը կոչուի «Ամիթրոֆիք Լաթերալ Սքլերոսիս»: Այս հիւանդութիւնը առաջին անգամ կը յայտնաբերէ եւ մանրամասնութիւնները կը ներկայացնէ Շարլ Պել, 1824-ին: Իսկ Ժան Մարդեն Շարքօ 1874-ին, կ՛ըլլայ առաջինը, որ կ՛օգտագործէ հիւանդութեան գիտական անուանումը, երբ նշանաւոր պէյսպոլ խաղցող` Լու Կեհրիժ  կը տառապի վերոնշեալ  հիւանդութիւնէն: Հիւանդութիւնը նաեւ կը կոչուի «Մոթի նիուրոն Տիսիզ», կը յատկանշուի աստիճանաբար ջղային համակարգի խանգարումով, դէպի մահ առաջնորդող իր ընթացքով: Այս բոլորին հետեւանքը կ՛ըլլայ մկաններու աշխատանքի դանդաղեցում եւ դադրեցում:

Յաջորդ հիւանդութիւնը, զոր ներկայացուց բժիշկը, կը պատկանի ժահրային վարակիչ հիւանդութիւններու ընտանիքին, անիկա Իպոլա հիւանդութիւնն է: Այս հիւանդութիւնը անցեալին քիչ տարածուած մահացու հիւանդութիւն մըն էր: Իպոլա ժահրը կրնայ հիւանդութիւն պատճառել ինչպէս մարդկային էակներուն, նոյնպէս ալ անասուններուն:

Հիւանդութեան կեդրոնը անցեալին Ափրիկէի Քոնկօ շրջանն էր, այժմ` ընդհանրապէս Ափրիկէի տարածքը:

Ախտանշանները շատ նման են որեւէ մէկ հարբուխի:

Տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան ներկայացուց «Իպոլա» ժահրի փոխանցման միջոցները.

1.- Կը փոխանցուի ուղղակի շփման մէջ ըլլալով անձին հետ:

2.- Արեան կամ մարմնի տարբեր հեղուկներու ճամբով:

3.- Տարբեր բժշկական իրերու ճամբով (ասեղներ):

4.- Վարակուած անասուններու ճամբով:

Իպոլա ժահրը չի փոխանցուիր  օդի կաթիլի ճամբով կամ սնունդի: Չկայ որեւէ փաստ, թէ Իպոլան կարելի է փոխանցել միջատներու, ինչպէս` մժեղի ճամբով: Իպոլա ժահրի փոխանցման գլխաւոր կանխարգիլման միջոցը կը ներկայանայ մաքուր առողջութիւնը:

Վերջին բաժինով դասախօսը խօսեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ յատկապէս տարածուած միջինարեւելեան շնչառական հիւանդութեան մասին: Ժահրը, որ հիւանդութեան պատճառն է, կը կոչուի «Քորոնա»: Ան կ՛ախտահարէ շնչառական համակարգը: Ախտանշանները կը սկսին հարբուխի նման բարձր ջերմութենէ, ցաւերէ, ընդհանուր մարմնի թուլութենէ եւ այլն:

Փոխանցումը կ՛ըլլայ, երբ առկայ են, ուղղակի շփումները: Փոխանցումը կարելի է արգիլել մաքուր առողջութեամբ` գործածելով տարբեր հականեխիչներ:

Աւարտին տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն` տալով տարբեր լուսաբանութիւններ եւ բացատրութիւններ:

Share this Article
CATEGORIES