Կիպրոս Թուրքիոյ Սադրիչ Գործողութիւններուն Առնչութեամբ ՄԱԿ-ի Օգնութիւնը Կը Խնդրէ

Նիքոս Անասթասիատիս
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ` յղում կատարելով Կիպրոսի լրատուական գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս դիմած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին` խնդրելով միջամտել արեւելեան Միջերկրականի մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ փորձել Թուրքիան համոզել զերծ մնալ Կիպրոսի պետութեան գերիշխան իրաւունքներու խախտումէն:
Անասթասիատիս Պան Քի Մունի յղած է նամակ մը, որուն մէջ նախազգուշացուցած է, որ Անգարայի սադրիչ գործողութիւնները «կրնան ուժեղ հարուած հասցնել կիպրական խնդիրի լուծման բանակցային հոլովոյթին»:
Այդ նամակին մէջ պետութեան ղեկավարը տեղեկացուցած է Պան Քի Մունին այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան նախագահ Տերվիշ Էրօղլուի հետ բանակցութիւններուն «մասնակցութիւնը դադրեցնելու» իր հարկադրուած որոշման մասին, որպէսզի ժամանակ տայ ընդհանուր քարտուղարին եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամ երկիրներուն համոզելու Թուրքիոյ` վերատեսութեան ենթարկելու իր որոշումը:
Անցեալ ուրբաթ Թուրքիան յայտարարած է բնական կազի պաշարներու մեծ հետազօտում սկսելու մասին իր մտադրութիւնը` կղզիէն հարաւ գտնուող գօտիին մէջ: Անցեալ երեքշաբթի Թուրքիան դէպի այդ տարածքը զինուորական նաւեր ուղարկած է:

