Եւրոպական Միութիւնը Վրաստանի Հետ Ընկերակցութեան Մասին Համաձայնագիրը Պիտի Վաւերացնէ 2014-ի Աւարտին

Ալեքսի Փեթրաշվիլի
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Պրիւքսէլ գտնուող Վրաստանի եւրոպական եւ եւրանտլանտեան համարկման հարցերու պետական նախարար Ալեքսի Փեթրաշվիլի վրացի լրագրողներուն յայտնած է, որ Եւրոպական խորհրդարանը «ընթացիկ տարուան դեկտեմբերի սկիզբը» պիտի վաւերացնէ Վրաստանի` Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան մասին համաձայնագիրը:
«Եւրոպական խորհրդարանը ամբողջութեամբ կ՛աջակցի այդ փաստաթուղթի վաւերացման մինչեւ 2014-ի աւարտը, մասնաւորաբար` դեկտեմբերի սկիզբը», յայտնած է ան: Այդ յայտարարութիւնը վրացի պետական նախարարը կատարած է Եւրոպական խորհրդարանի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի անդամներու հետ իր հանդիպումներուն աւարտէն ետք:
Վրաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ընկերակցութեան մասին համաձայնագիրը ստորագրուած է այս տարուան 27 յունիսին` Պրիւքսէլի մէջ: Անիկա ամբողջութեամբ ուժի մէջ պիտի մտնէ, երբ զայն վաւերացնեն Եւրոպական խորհրդարանը եւ Եւրոպական Միութեան բոլոր անդամ երկիրներու խորհրդարանները:

