Իրանի Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու 130 Անդամ Ձերբակալուած Է
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի խորհրդարանի քննարկումներուն ժամանակ հետախուզութեան հարցերու նախարար Մահմուտ Ալաւ յայտնած է, որ Իրանի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի լայնածաւալ գործողութիւններու իբրեւ արդիւնք ծայրայեղական խմբաւորումներու 130 անդամներ ձերբակալուած են:
Ըստ անոր, իրանեան անվտանգութեան ուժերը ամբողջ երկրին տարածքին տասնեակ գործողութիւններ կատարած են` ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամները յայտնաբերելու եւ ձերբակալելու համար:
Նախարարը ընդգծած է, որ այդ գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք կանխարգիլուած է ահաբեկչական երկու գործողութիւն` Ռամատան ամսուան նուիրուած աւանդական ձեռնարկներու ժամանակ պայթուցիկ նիւթերու օգտագործումով, ինչպէս նաեւ` Կազայի պաղեստինցիներուն աջակցելու համար կազմակերպուած զանգուածային ցոյցերու ժամանակ:

