Իրան. «Եթէ Թուրքիա Իր Վարմունքը Չփոխէ, Ապա Սուրիոյ Եւ Իրաքի Տագնապը Իրեն Պիտի Հասնի»

1008_Revolutionary-guardsԻրանի յեղափոխական պահակագունդին մէջ իրանեան յեղափոխութեան հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի աւագ խորհրդական գնդապետ-զօրավար Ետուլլա Ժուանի յայտնեց, որ եթէ Թուրքիա իր վարմունքը չփոխէ, ապա Սուրիոյ եւ Իրաքի ներկայ տագնապը իրեն պիտի հասնի` զգուշացնելով, որ Թուրքիոյ ղեկավարները ամերիկեան ցուցադրական շարժումներէն պէտք չէ խաբուին:

Ժուանի յայտնեց, որ Թուրքիոյ քայլերը շրջանին եւ աշխարհին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան ապահովման չեն նպաստեր եւ կրնան իր իսկ ներքին ապահովութեան վտանգ ներկայացնել:

Ժուանի յայտնեց, որ փաստաթուղթերը կը հաստատեն, որ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի մեծագոյն աջակիցը Թուրքիան է: Ան ցաւ յայտնեց, որ Թուրքիան նոր կառավարութիւն մը կազմելով իր քաղաքականութիւնը վերատեսութեան չենթարկեց:

Ժուանի նշեց, որ Թուրքիա կը կարծէ, թէ կրնայ իր շրջանային դիրքը բարելաւել` հարցեր ստեղծելով:

Ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու հետ դաշնակցող երկիրներէն ակնկալուածը ՏԱՀԵՇ-ը քանդելու աշխատիլն է եւ ոչ թէ անոր յառաջխաղացքին ենթահող պատրաստելը, ինչպէս ներկայիս կը կատարուի:

Share this Article
CATEGORIES