19 Զոհ` Թուրքիոյ Մէջ Կառավարութեան Դէմ Քիւրտերու Ցոյցերուն Ընթացքին
Այն Արապի իրադարձութեանց հարցով Թուրքիոյ մէջ թրքական կառավարութեան դէմ քիւրտերու բողոքի ցոյցերուն ընթացքին 14 զոհ արձանագրուեցաւ:
Ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն զոհերը արձանագրուած են Տիգրանակերտի, Պաթմանի, Մուշի, Մերտինի եւ Սղերդի մէջ: Լրատուամիջոցները կը նշեն, որ զոհերուն մեծամասնութիւնը արձանագրուած է քիւրտերու եւ անոնց քաղաքական հակառակորդներուն միջեւ բախումներուն ընթացքին:
Արձանագրուած են բազմաթիւ վիրաւորներ, եւ կալուածներ, մասնաւորաբար կառավարական շէնքեր վնասուած են, ինքնաշարժներ հրկիզուած են, իսկ խանութներ եւ դրամատուներ` գողցուած:
Բախումներ արձանագրուած են նաեւ Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ, ուր ոստիկանութիւնը միջամտած է եւ ջրաշիթ մեքենաներ ու արցունքաբեր կազ օգտագործած` ցրուելու համար քիւրտերուն զօրակցող ցուցարարները:
Թուրքիոյ հողագործութեան նախարար Մեհտի Աքար յայտնեց, որ ցոյցերուն ընթացքին 8 զոհ արձանագրուած է` շեշտելով, որ այդ սպանութիւններէն որեւէ մէկը ապահովական մարմիններու միջամտութեան իբրեւ արդիւնք չէ եղած:
Ան «Անատոլու»-ին յայտնեց. «Առանց արտօնութեան կատարուած ցոյցերը սկսան երէկ, ցաւալի դէպքեր պատահեցան»: Ան քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց ընկերային ցանցերուն վրայ շրջանառուող լուրերուն չհաւատալու:
Մինչ այդ, ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Գերմանիոյ Համպուրկ եւ Ցելէ քաղաքներուն մէջ եւս Քոպանիի քիւրտերուն զօրակցական ցոյց կատարող եզիտիներու եւ չեչեններու միջեւ բախումներ արձանագրուած են: Արձանագրուած են քանի մը տասնեակ վիրաւորներ:
Միւս կողմէ, Այն Արապէն քրտական աղբիւրներ յայտնեցին, որ քաղաքին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ դաշնակից ուժերու օդային հարուածները քանդած են խմբաւորման մեքենաներուն առնուազն 60 առ հարիւրը, ինչպէս նաեւ սպաննած խմբաւորման առնուազն 45 անդամներ:
Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ Այն Արապի մէջ մարտերու սկիզբէն ի վեր 400 զոհ արձանագրուած է:

