Իրան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Այն Արապին Անհրաժեշտ Աջակցութիւնը Ցուցաբերելու. Փսաքի. «Սուրիոյ Մէջ Քրտական Ուժերուն Աջակցութիւն Գոյութիւն Ունի»

Ճեն Փսաքի
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտարարեց, որ «սուրիական ընդդիմութիւնը դաշինքներ կազմեց թրքական սահմանին մօտ գտնուող քաղաքներուն մէջ` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուելու համար»: Ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները մարզումի, զինումի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ շարունակուող հարուածներու ճամբով տարբեր տեսակի աջակցութիւն կը տրամադրեն սուրիական ընդդիմութեան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նշեց, որ իր երկիրը Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատուող ՔԱԿ-ի սուրիական թեւին` քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան հետ միջնորդներու ճամբով կապի մէջ է` աւելցնելով, որ Սուրիոյ, ինչպէս նաեւ Իրաքի մէջ քրտական ուժերուն աջակցութիւն գոյութիւն ունի:
Փսաքի նշեց. «Գետնի վրայ ՏԱՀԵՇ-ի սպառնալիքին դէմ դնելու գծով քրտական ջանքեր տեսանք, եւ անշուշտ Սուրիոյ մէջ որոշ անջատ շրջաններ, ինչպէս նաեւ Իրաքի մէջ կան շրջաններ, ուր քիւրտերու մեծաթիւ ներկայութիւն կայ, ուստի մեր կարծիքով, այդ ջանքերը կարեւոր են»:
Ան շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միջազգային դաշինքին գլխաւոր նպատակը զայն ապահով ապաստանարանէ զրկելն է: Փսաքի ընդգծեց. «Ոչ ոք կ՛ուզէ Քոպանիի` ՏԱՀԵՇ-ի ձեռքը իյնալը տեսնել»:
Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հասինա Աֆխամ երէկ յայտարարեց, որ «Թեհրան պատրաստ է Այն Արապ քաղաքին հարցով անհրաժեշտ աջակցութիւնը տրամադրել, եթէ սուրիական կառավարութիւնը այդ մէկը խնդրէ»:

