Պայտըն Ներում Հայցած Է Սէուտական Արաբիայէն
«Ֆոքս Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճոզեֆ Պայտըն ներում հայցած է Սէուտական Արաբիայէն` Սուրիոյ մէջ իսլամականներուն աջակցելու մեղադրանքին համար:
Ըստ աղբիւրին, Պայտըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանին հետ: Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, Պայտըն «յստակացուցած է իր վերջին նկատողութիւնները»:
Անցեալ շաբաթ Պայտըն ըսած էր, որ թուրքերը, սէուտցիներն ու էմիրաթցիները այնքան կ՛ուզէին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը տապալել, որ սիւննի-շիի կեղծ պատերազմ մը հրահրած են:
Ըստ աղբիւրին, հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ Պայտըն փորձած է շտկել յարաբերութիւնները ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներէն մէկուն հետ:
CATEGORIES Միջազգային

