Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ լիբանանցի քաղաքացի Մոհամետ Ալի Ահմետ, որ երէկ առեւանգուած էր Մոզամպիքի մէջ, ազատ արձակուած է առանց փրկագինի: Այս առիթով անոր ընտանիքը շնորհակալութիւն յայտնած է արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլին` իրենց զաւակը ազատ արձակելու առնչութեամբ անոր ջանքերուն համար:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին խնդրած է Իրանի հետ ամէն ջանք ի գործ դնել` վերջ տալու համար Լիբանանի նախագահական աթոռին թափուր մնալուն:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի յայտնեց, որ Պրիթելի շրջակայքը արձանագրուած դէպքերը կը պարտադրեն պետութեան տրամաբանութեան կառչած մնալու կարեւորութիւնը:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք շեշտեց, որ իրենք պէտք չէ քաղաքական ըսի ըսաւներու մէջ իյնան եւ իբրեւ երկիր իրենք զիրենք գերեվարեն:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Խալիլ Հըրաուի յայտնեց, որ Լիբանանի արեւելեան սահմանները յարձակումի այլ ձախող փորձերու կրնան ենթարկուիլ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան կոչ ուղղեց երկրին քաղաքական իշխանութիւններուն` չմերժելու իրանեան եւ ռուսական զինուորական օժանդակութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել զգուշացուց լիբանանցիները երկրին սահմաններէն հեռու այլ շրջաններու մէջ արձանագրուելիք զինեալ բախումներէն:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ պենզինի եւ կազի թիթեղներուն սակը նուազած է 400 լ. ոսկիով, իսկ մազութի թիթեղին սակը` 500 լ. ոսկիով:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի հետ իր հանդիպումին ընթացքին հաստատած է, որ վերջինս Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու թեկնածուն պիտի ըլլայ, եթէ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը իր նկատմամբ զօրակցութիւն յայտնեն:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ ընդգծած են իրենց զօրակցութիւնը Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու նախագահական թեկնածուին:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա երէկուան իր գործողութեամբ ուզած է փոխանցել պատգամ մը, որ ինք տակաւին Շեպաայի մէջ կը գտնուի:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ կոչ ուղղեց ամէնէն արագ միջոցին ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը: Անդրադառնալով առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու լիբանանեան պետութեան ջանքերուն` Ժրէյժ յայտնեց, որ այդ ջանքերը ընթացքի մէջ են` աւելցնելով, որ քաթարցի բանագնացին աշխատանքը կանգ չէ առած:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի կոչ ուղղեց միջազգային ուժերուն դիմելու, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել Պեքաայի եւ հիւսիսային Լիբանանի սահմանները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ յայտնեց, որ Մազարեհ Շեպաա լիբանանեան բռնագրաւուած հող է եւ զայն ազատագրելու համոզում գոյութիւն ունի:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժեր շեշտած են, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկրորդ անգամ երկարաձգելը անխուսափելի է:

