Պասիլ Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Անդամ Երկիրներուն Դեսպանները

Եւրոպացի դեսպաններուն հետ հանդիպումէն պահ մը
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն դեսպանները, որոնց հետ քննարկեց ահաբեկչութեան դէմ մղուած պատերազմին վերաբերեալ Լիբանանի կեցուածքը:
Հանդիպումէն ետք Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ յայտնեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցը պէտք է անմիջապէս լուծել, որովհետեւ լիբանանցիները իրենց միասնականութեամբ ամբողջ աշխարհին կը փորձեն փաստել, որ իրենք ունին սահմանադրական գործունեայ հաստատութիւններ եւ կրնան կարեւոր հարցերու շուրջ համախոհութիւն գոյացնել:
Էխհորեսթ ընդգծեց, որ քննարկած են Լիբանանի եւ կառավարութեան բոլոր կարիքները, յատկապէս բանակին եւ սուրիացի գաղթականներուն օժանդակութեան հեռանկարները:
Ան շեշտեց, որ դեսպանները վերահաստատած են Լիբանանի ապահովական կայունութեան նկատմամբ իրենց զօրակցութիւնը, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականներուն օժանդակելու առնչութեամբ անոնց յանձնառութիւնը:

