«Նամակներ Փոխանցելու Նպատակով Լիբանանի Սահմանին Օգտագործումը Արկածախնդրութիւն Է» Շեշտեց Սաատ Հարիրի

Սաատ Հարիրի
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ ցաւ յայտնեց, որ նամակներ փոխանցելու նպատակով Լիբանանի սահմանին օգտագործումը արկածախնդրութիւն է, ինչպէս նաեւ անորոշութեան մէջ նետուած քայլ մը, որ Լիբանանի զօրութենէն ոչինչ կը փոխէ:
Հարիրի ընդգծեց, որ Լիբանան կարիքը ունի քաղաքական բոլոր կողմերը միաւորող կեցուածքներու, ինչպէս նաեւ ջանքերն ու ճիգերը պետական եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն շուրջ կեդրոնացնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը ահաբեկչական վտանգներէն փրկել:
Նշենք, որ Հարիրի երկուշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2014-ին Վատիկանի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
CATEGORIES Լիբանանեան

