Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Յայտնէ Մօտիկ Ապագային Լիբանանեան Բանակը Զինելու Մտադրութիւնը

Ժան Իվ Լոտրիան
Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարը Ժան Իվ Լոտրիան ֆրանսական խորհրդարանին յայտնեց, որ Փարիզ մօտիկ ապագային պիտի զինէ լիբանանեան բանակը` Սէուտական Արաբիոյ տրամադրած երեք միլիառ տոլարի օժանդակութեան շրջագիծին մէջ:
Լոտրիան յայտնեց, որ բանակին զինումը կը միտի օժանդակել Լիբանանին` ահաբեկիչներուն դէմ իր մղած պայքարին մէջ:
Ան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը զինելու համաձայնագիրին բոլոր պայմանները ամբողջացած են: Ան նաեւ բանակին զինումը անհրաժեշտ նկատեց, որովհետեւ անիկա է Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու միակ արգելքը:
CATEGORIES Լիբանանեան

