Սլէյման Անհրաժեշտ Նկատեց Պահեստի Ուժերը Զօրակոչի Ենթարկելը` Բանակին Օժանդակութեան Նպատակով

Զօր. Սլէյման եւ Տըրպաս

Զօր. Սլէյման եւ Տըրպաս

Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուին, ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպասը եւ երեսփոխաններ Ահմետ Ֆաթֆաթն ու Զիատ Քատիրին, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Սլէյման անհրաժեշտ նկատեց պահեստի ուժերը զօրակոչի ենթարկելը` բանակին օժանդակութեան նպատակով:

Ան շեշտեց նաեւ հանրապետութեան նախագահի անմիջական ընտրութիւնը:

Սլէյման նշեց, որ Լիբանանը պէտք է հեռու պահել շրջանային տագնապներէն:

Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Քաթրին Պորազ, որ ընդգծեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը` նկատել տալով, որ Եւրոպական Միութիւնը կը քաջալերէ յարգել սահմանադրական հոլովոյթը:

Share this Article
CATEGORIES