Հանրապետութեան Միւֆթին Ընդունեց Մուքպելը Եւ Իրանի Դեսպանը

Մուքպել եւ միւֆթի Տըրիան
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Տար Ֆաթուայէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Մուքպել հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ կառավարութիւնն ու վարչապետը առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու գծով ճիգեր ի գործ չեն դներ:
«Մենք կ՛աշխատինք հասնելու համար առեւանգուած մեր զաւակները ազատ արձակելու արդիւնքին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք կը բաժնեն առեւանգուած զինուորներու ընտանիքներուն ցաւը եւ կը հասկնան անոնց դիմագրաւած այս դժուար հանգրուանը:
Մուքպել մաղթեց, որ մօտիկ ապագային դրական արդիւնքներ արձանագրուին բանակայինները ազատ արձակելու առումով:
Ան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը կազմ ու պատրաստ է պաշտպանելու Լիբանանը` ընդգծելով, որ լիբանանեան բանակը կը վայելէ բոլորին զօրակցութիւնը:
Միւֆթի Տըրիանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալին, որ շեշտեց իսլամներուն ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը` նկատել տալով, որ պէտք է դիմադրել ՏԱՀԵՇ-ի սպառնացած ահաբեկչական եւ հաւատադրժողական վտանգին:
Իրանի դեսպանը ըսաւ, որ ահաբեկչութեան այս հսկայ վտանգին դէմ պայքարելու համար մենք կարիքը ունինք փոխադարձ գործակցութեան եւ միասնականութեան, որպէսզի կարենանք պահպանել ամբողջ շրջանը` բազմազանութեան իր հիւսուածքով:
Ֆաթհալի ընդգծեց, որ Թեհրան յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ գերիշխանութեան:

