ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ 127 ԿՌՓԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐ

Վերջերս աւարտեցան Հայաստանի կռփամարտի 2011-ի ախոյեանութեան մրցումները, որոնք տեղի ունեցան Երեւանի Տինամօ մարզասրահին մէջ: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 127 կռփամարտիկներ (14-ը` իգական սեռէն):

Պէտք է նշել սակայն, որ հայրենի զօրաւորագոյն կռփամարտիկներէն շատերը չմասնակցեցան այս ախոյեանութեան:

Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Մեհրապեան ըսաւ, որ ասիկա տեղի ունեցաւ, որովհետեւ Եւրոպայի ախոյեանութենէն ետք կռփամարտիկներուն առիթ տրուած էր հանգստանալու համար:

Նշենք, որ մետալներու եւ պատուոյ գիրերու տուչութեան ընթացքին կռփամարտիկները պարգեւատրողներուն կարգին էր կռփամարտի աշխարհի նախկին ախոյեան Վախթանկ Դարչինեան:

Ստորեւ 2011-ի Հայաստանի ախոյեանները` իրենց դասակարգերով.

Սուրէն Առաքելեան (49 քկ)
Դերենիկ Գիժլարեան (52 քկ)
Ալեքսան Շախեան (56 քկ)
Արա Պուլուզեան (60 քկ)
Հրայր Մաթէոսեան (64 քկ)
Արթուր Քիրաճեան (69 քկ)
Անդրանիկ Յակոբեան (75 քկ)
Ռուսլամ Իպրահիմեան (81 քկ)
Ազատ Դաւթեան (91 քկ)
Բագրատ Օհանեան (91 եւ վեր քկ):

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES