ԹՈՒՐ ՏԸ ՖՐԱՆՍ. – ՀՈՒՍՀՈՎՏԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ – ՎՈՅԵՔԼԸՐ ԻՐ ՄՕՏ ԿԸ ՊԱՀԷ ԴԵՂԻՆ ՇԱՊԻԿԸ

Թհոր Հուսհովտ

Երէկ` երեքշաբթի, 19 յուլիսին տեղի ունեցաւ Թուր տը Ֆրանսի 16-րդ հանգրուանի մրցումը` Ալպեան լեռներուն մէջ (162,5 քմ):

Անիկա աւարտեցաւ աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Թհոր Հուսհովտի յաղթանակով (Կարմին- Սերվելօ): Վերջինս ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 3 ժամ 31 վայրկեան եւ 38 երկվայրկեան արդիւնք մը: Ան յաջողեցաւ գերազանցել իր ազգակիցը` Էտվալտ Պոասըն Հակենը (Սքայ), որ երկրորդ հեծելանւորդն ըլլալով արձանագրեց նոյն արդիւնքը: Երրորդ դիրքը գրաւեց քանատացի Ռայտըր Հեսյետալ (կարմին), որ արձանագրեց 3 ժամ 31′ 40″ արդիւնք մը:

Թոմաս Վոյեքլըր

Հեծելանւորդներու ընդհանուր դասաւորման մէջ դեղին շապիկը իր մօտ կը շարունակէ պահել ֆրանսացի Թոմաս Վոյեքլըր (Եուրոփքար), որ արձանագրած է 69 ժամ 00′ 56″ արդիւնք մը: Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի աւստրալիացի Քէյտըլ Իվընզ (Պի. Էմ. Սի.), որ արձանագրած է 69 ժամ 02′ 41″ արդիւնք մը:

Այսօր` չորեքշաբթի, 20 յուլիսին, տեղի պիտի ունենայ 17-րդ հանգրուանի մրցումը` Կափէն Փիներոլօ (179 քմ):

Share this Article
CATEGORIES