ՇԷՅ ԿԻՎԸՆ ՄԻԱՑԱՒ ԱՍԹՈՆ ՎԻԼԱՅԻ
Ասթոն Վիլայի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Մանչեսթըր Սիթիի մաս կազմող այիրցի բերդապահ Շէյ Կիվըն, միացաւ իրենց կազմին` հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով:
35 տարեկան Կիվըն, որ Սիթիի հետ միշտ ալ նկատի կ՛առնուէր իբրեւ պահեստի բերդապահ, անգլիացի հիմնական բերդապահ Ճօ Հարթի ետին նախորդ տարեշրջանին հազիւ քանի մը մրցումի միայն դաշտ ներկայացաւ:
12 տարի Նիւքեսըլի մաս կազմելէ եւ անոր հետ աւելի քան 400 մրցումի մասնակցելէ ետք, ան 2009-ին միացաւ Սիթիի:
Նշենք, որ Կիվըն ամէնէն շատ Այիրի ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը կրած մարզիկն է (113 անգամ):
CATEGORIES Մարզական


