ՄԻՔԱ ԵՐԵՒԱՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ԻՐ ՆՈՐ ՄԱՐԶԻՉԸ
Միքա Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ ակումբը ունեցաւ իր նոր գլխաւոր մարզիչը` Սլովաք Եոզեֆ Պուպենքոն:
60 տարեկան սլովաքցին պիտի փոխարինէ 69 տարեկան Էդուարդ Մարգարովը, որ Արմէն Շահկելտեանի պաշտօնազրկումէն ետք ակումբի գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնը կը վարէր:
Ան նախապէս եղած է Ինթերի (Պրաթիսլաւա), Փանիոնիսի եւ Իրաքլիսի (Յունաստան), ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին եղած է Սլովաքիոյ երիտասարդներու ֆութպոլի հաւաքականին մարզիչը: Ան 2000-ին ընտրուեցաւ Սլովաքիոյ տարուան լաւագոյն մարզիչը:
Անոր օգնականները պիտի ըլլան անոր 38 տարեկան ազգակիցը` Ժոլթ Հոռնեակ, Յակոբ Մկրտեան, Տիգրան Ասլանեան եւ Արամ Ոսկանեան:
CATEGORIES Մարզական