ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱԲՐԱՀԱՄ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ՄԻՋԻՆ ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ՃԱԿԱՏՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

Հայրենի արհեստավարժ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ որոշեց վերադառնալ  միջին դասակարգի մրցումներուն եւ իր ճակատումները շարունակել հոն, ուր անցեալին հանդիսացած է աշխարհի ախոյեան:

31 տարեկան Աբրահամ ըսաւ. «Ինծի համար, կը կարծեմ, որ քիչ մը կանուխ է հեռանալ կռփամարտի աշխարհէն: Վերջին պարտութիւններս չեն նշանակեր, որ տկարացած եմ այլեւս: Կ՛ուզեմ փաստել, որ կրնամ վերադառնալ անցեալի նման զօրաւոր»:

Նշենք, որ միջին դասակարգի մրցումներուն Աբրահամ երբեք պարտութիւն չկրեց: Սակայն անոր երկրորդ-միջին դասակարգ տեղափոխութիւնը այդքան ալ յաջող չընթացաւ:

Ամերիկացի Անտրէ Ուորտի հետ կատարած իր ճակատումէն եւ կրած պարտութենէն ետք կարգ մը մասնագէտներ ըսին, որ շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ ան իր ելոյթները շարունակէր միջին դասակարգի մրցումներուն:

Այժմ Աբրահամ պիտի սկսի օրինաւոր սննդականոնի հետեւիլ, որպէսզի կարենայ իր կշիռքը քիչ մը նուազեցնել:

Ատիկա տեղի ունենալէ ետք կը կարծուի, որ Աբրահամ իր առաջին ճակատումը պիտի կատարէ յառաջիկայ նոյեմբերին:

 

Share this Article
CATEGORIES