ԺԻՒՏՕ. ԱՐԱՐԱՏ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ` ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐԳԻ ԻՐԱՒԱՐԱՐ
14-17 յուլիսին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի ժիւտոյի ֆետերասիոնին կազմակերպած իրաւարարներու քննութիւնը:
Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնը իրաւարարներու այս քննութեան համար Թուրքիա ուղարկած էր ֆետերասիոնի իրաւարարներու յանձնախումբի նախագահ Արարատ Մարտիրոսեանը, որ այս պաշտօնը կը վարէր յունուար 2011-էն ի վեր:
Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնը մեծ հպարտութեամբ յայտարարեց, որ իր քննութիւնները շատ յաջող անցընելով` Մարտիրոսեան ժիւտոյի միջազգային կարգի իրաւարարի կոչում ստացաւ:
CATEGORIES Մարզական

