Հայկական Ընկերութիւնը Հակառակորդի Արձակազէններուն Դէմ Սարք Կը Պատրաստէ
Հայկական «Լոքաթոր» ընկերութիւնը հակառակորդի զինեալ ուժերու արձակազէններուն դէմ սարք կը պատրաստէ: Այս մասին News.am-ի թղթակիցին յայտնած է «Լոքաթոր»-ի ծրագիրի ղեկավարը «ՏիճիԹեք» ճարտարագիտական ցուցահանդէսի ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ 3-5 հոկտեմբերին: Ցուցահանդէսին ընթացքին ընկերութիւնը ներկայացուց մարզումի գնդացիրի բնորդ մը` արդէն գործող համակարգով:
«Տուեալ խնդիրը մեր մօտ է, որովհետեւ մենք կը զբաղինք ինքնաշխատ կառավարման համակարգերով: Սահմանին վրայ ամրան իրադարձութիւններէն ետք մենք որոշած ենք հակառակորդի արձակազէններուն արժանի պատասխանի համակարգ ստեղծել: Երկար ժամանակ չէ անցած, բայց արդէն երկու ամիս է կ՛աշխատինք պաշտպանութեան նախարարութեան հետ: Սարքը արդէն ձայնային ռատար ունի, որուն միջոցով կրակը կարելի կ՛ըլլայ ուղղել հակառակորդին կրակոցին ուղղութեամբ: Նկատի առնելով այն, որ արձակազէնները, իբրեւ կանոն, առաջին գիծէն հեռու կը տեղակայուին եւ զանոնք կարելի չէ շարժումով յայտնաբերել, մենք ընտրած ենք այսպիսի տարբերակ: Սակայն տեսականօրէն զէնքի վրայ կարելի է տարբեր տեսակի յայտնաբերիչներ տեղադրել», աւելցուցած է «Լոքաթոր»-ի ներկայացուցիչը:
«Նման մշակումներ անշուշտ նաեւ կան արտասահմանի մէջ, սակայն շատ աւելի սուղ են, եթէ ընդհանրապէս կը վաճառուին: «Մեչ» սարքը քանի մը անգամ աւելի աժան է եւ նախատեսուած է մեր բնական պայմաններուն համար», նշած են պաշտօնեաները:
Այն հարցումին, թէ ընկերութիւնը ինչո՞ւ որոշած է հրապարակել նման նախագիծ, «Լոքաթոր»-ի մէջ նշած են, որ ատիկա կ՛օգնէ հասարակութեան վստահութիւն ներշնչել: «Մենք որոշած ենք ցոյց տալ, որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի նման համակարգ, նման մշակող: Մեր երկրին մէջ շատ լաւ մասնագէտներ կան, եթէ մենք միասին աշխատինք, նախագիծերը կրնան արտադրութեան վերածուիլ: Ներուժը ակնյայտ է», յայտարարած են «Լոքաթոր»-ի պաշտօնեաները:

