Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Յակոբ Ինջիղուլեանը

0ywIcn9heyu2URTrUtgc7r4kKPՀայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ ընդունեց տարիէ մը աւելի ազրպէյճանական գերութեան մէջ մնացած եւ վերջերս հայրենիք վերադարձած զինուոր Յակոբ Ինջիղուլեանը եւ անոր ընտանիքին անդամները:

Պաշտպանութեան նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Յակոբին ցուցաբերած տոկունութեան եւ հայրենասիրական վարքին համար:

Ինջիղուլեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց ազրպէյճանական գերութեան ընթացքին իր նկատմամբ ցուցաբերուած անմարդկային վերաբերմունքին, հոգեբանական եւ ֆիզիքական ճնշումներուն վերաբերեալ:

Սէյրան Օհանեան յոյս յայտնեց, որ ան հայրենիքին եւ ընտանիքին հոգատար միջավայրին մէջ կարելի եղածին չափ արագ կը թօթափէ տարիէ մը աւելի տեւած մղձաւանջային օրերու ճնշումի  հետեւանքները: Նախարարը նաեւ նշեց, որ Ինջիղուլեանին նկատմամբ կատարուած գործողութիւնները կը փաստեն, որ ազրպէյճանական իշխանութիւնները յատուկ քաղաքականութիւն մշակած են գերեվարուած զինուորները  հոգեբանական ճնշումներու, խոշտանգումներու եւ մահուան սպառնալիքի միջոցով դէպի երրորդ երկիր ուղեւորելու` փորձել ցոյց տալու համար, որ Հայաստանի զինեալ  ուժերուն կամ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակին մէջ ծառայութեան պայմանները տանելի չեն, իսկ Հայաստան վերադառնալը` անցանկալի: Սակայն Ինջիղուլեան, հայկական բանակի սովորական զինուոր, իր ճիշդ եւ խոհեմ քայլերով ցոյց  տուած է ազրպէյճանական քաղաքականութեան սին ըլլալը:

Նախարարը գոհունակութիւն յայտնեց, որ նոյնիսկ նման ծանր ապրումներէ ետք Ինջիղուլեան ցանկութիւն յայտնած է շարունակելու զինուորական ծառայութիւնը: Պաշտպանութեան նախարարը յանձնարարեց առողջական վիճակի քննութեան  արդիւնքներուն հիման վրայ նկատի ունենալ Յակոբ Ինջիղուլեանի հետագայ ծառայութեան հարցը` առաւել կարեւոր նկատելով վերջինիս կրթութիւն ստանալու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպում Մուիժնիքսի Հետ

1008_Ohanian_Human-Rights1Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ ընդունեց նաեւ Եւրոպական խորհուրդի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատար Նիլս Մուիժնիքսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Նախարարը յանձնակատարին ներկայացուց Հայաստանի զինեալ ուժերուն մէջ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ իրականացուող բարեփոխումները, անդրադարձաւ միջազգային կազմակերպութիւններու օժանդակութեամբ իրականացուող վարժանքներուն եւ իրազեկութեան բարձրացման ծրագիրներուն:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը նաեւ կարեւոր նկատեց քննչական խորհուրդի ստեղծումով պաշտպանութեան նախարարութեան համակարգէն քննչական ծառայութիւնը  դուրս բերելու փաստը` ատիկա նկատելով անտեղի շահարկումներուն վերջ տալու ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլ: Եւրոպական խորհուրդի  մարդկային իրաւունքներու յանձնակատարը գոհունակութիւն յայտնեց իր նախորդ այցելութիւններէն ետք այլընտրանքային ծառայութեան կազմակերպման հարցին մէջ արձանագրուած յառաջընթացին կապակցութեամբ:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը նաեւ  անդրադարձան շրջանին մէջ մարդկային իրաւունքներու խախտման հարցերուն:

Նախարարը մանրամասնութիւններ ներկայացուց  Յակոբ Ինջիղուլեանի դէպքին վերաբերեալ եւ նշեց, որ Ինջիղուլեանին նկատմամբ կատարուած գործողութիւնները կը փաստեն, որ ազրպէյճանական իշխանութիւնները յատուկ քաղաքականութիւն մշակած են գերեվարուած զինուորները  հոգեբանական ճնշումներու, խոշտանգումներու եւ մահուան սպառնալիքի միջոցով դէպի երրորդ երկիր ուղեւորելու:

Հանդիպումի աւարտին պաշտպանութեան նախարարը առաջարկեց արծարծել մարդկային  իրաւունքներու հարցերով Հայաստանի մէջ Եւրոպական խորհուրդի գրասենեակին հետ երկկողմ ձեւաչափով համագործակցութեան զարգացման կարելիութեան հարցը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES