Եթէ Քաթալոնիա Բաժնուի Սպանիայէն Պարսելոնա Կրնայ Դուրս Դրուիլ «Լա Լիկա»-էն
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը յօդուածով մը կ՛անդրադառնայ Սպանիոյ ֆութպոլի լիկայի պատասխանատու Խաւիէ Թեպասի տուած մամլոյ ասուլիսին` նշելով, որ եթէ պատահի, որ Քաթալոնիա բաժնուի Սպանիայէն, Պարսելոնա անմիջապէս դուրս պիտի դրուի «Լա լիկա»-էն:
Սպանիայէն Քաթալոնիոյ անկախացումը կը նշանակէ, որ Պարսելոնա իրաւունք պիտի չունենայ իր մասնակցութիւնը բերելու Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Լա լիկա»-ին:
Յառաջիկայ օրերուն ընթացքին այս հարցը շատ լուրջ կերպով պիտի արծարծուի Քաթալոնիոյ կողմէ, որովհետեւ եթէ 9 նոյեմբերին պաշտօնապէս յայտարարուի Սպանիայէն Քաթալոնիոյ անկախացումը, Պարսելոնայի նման անուանի ակումբ մը, որ անցեալ ունի, մաս պիտի չկազմէ այլեւս Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան:
CATEGORIES Մարզական

